Օրերս Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամ, նուիրեալ միութենական Զաւէն Էքմէքճեանը։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ հրապարակուած հակիրճ մահագրականը։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ միութեան «Ծառայութեան» շքանշանակիր եւ հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական`
ԵՂԲ. ԶԱՒԷՆ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ-ի
մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 4 Փետ. 2025-ին, Հալէպի մէջ։
Եղբ. Զաւէն Էքմէքճեան եղած է սկաուտ եւ մարզիկ։ Երկար տարիներ մաս կազմած է Հալէպի մասնաճիւղի ոտնագնդակի խումբին։ Եղած է ոտնագնդակի յանձնախումբի պատասխանտու, Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ ծառայած է Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան տնտեսական յանձնախումբէն ներս։
Իր երկարամեայ ծառայութեան համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը 2014-ին զինք պարգեւատրած է «Ծառայութեան» շքանշանով։
Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հաւատաւոր եղբօր ընտանիքին եւ հարազատներուն:
Յիշատակը անթառամ կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական սերունդներուն մէջ: