image

Որբանոց մտնելու իրենց հերթին սպասող երեխաներ (1919 թ., Ալեքսանտրապոլ)

Որբանոց մտնելու իրենց հերթին սպասող երեխաներ (1919 թ., Ալեքսանտրապոլ)

Լուսանկարին մէջ Ալեքսանտրապոլի հայ սովալլուկ, ցնցոտիաւոր որբեր են, որ ձմրան ցուրտին, կանգնած ձիւնին մէջ, կը սպասեն, թէ երբ պիտի մտնեն Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի որբանոց: Անոնց համար նման հնարաւորութիւն կրնար ստեղծուիլ միմիայն այն պարագային, երբ որբանոցի սաներէն մէկը հոգին աւանդէր, եւ թափուր տեղ առաջանար նոր որբ ընդունելու համար...


Ցեղասպանութեան զոհ դարձան տասնեակ հազարաւոր հայ երեխաներ, իսկ հրաշքով փրկուածները զրկուեցան ծնողական գուրգուրանքէն, որբացան: Վերջիններիս անխուսափելի մահէն փրկելու եւ գոյութեան միջոցներով ապահովելու նպատակով սկիզբ առաւ մարդկութեան պատմութեան մէջ աննախադէպ փրկարար առաքելութիւն, որուն մէջ մեծ դերակատարում ունեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէն: Նպաստամատոյցն աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց Սուրիոյ, Լիբանանի, Յունաստանի եւ Հայաստանի մէջ, իսկ Մուտրոսի զինադադարէն ետք` նաեւ Օսմանեան կայսրութեան ներքին շրջաններուն մէջ:

Ալեքսանտրապոլի մէջ (այժմ՝ Գիւմրի) Նպաստամատոյցի գործունէութեան համար հիմք դարձած էր 1919 թուականին քաղաքագլուխի՝ Լեւոն Սարգսեանի եւ Ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէի ներկայացուցիչներու միջեւ կնքուած պայմանագիրը քաղաքի որբանոցները կոմիտէին յանձնելու վերաբերեալ: Նպաստամատոյցի ջանքերով Ալեքսանտրապոլի փողոցներէն հաւաքուեցան թափառաշրջիկ որբերը, որոնց բժշկական զննման ենթարկելէ ետք տեղաւորեցին հիւանդանոցները կամ որբանոցները:

Նպաստամատոյցի տնօրինութեան ներքոյ 170 շէնք կար, որոնք ռուսական զօրքերու նախկին զօրանոցներն էին:

«Կազաչի փոստ» եւ «Սեւերսկի» որբանոցներուն մէջ տեղաւորուած էին աղջիկները, իսկ «Փոլիկոններուն» մէջ տղաները: Սա մարդկութեան պատմութեան մէջ գոյութիւն ունեցած ամենամեծ որբանոցն էր եւ կը կոչուէր Որբաքաղաք:

«Դուրսը կը սպասէին աւելի քան 100 հիւծուած, գրեթէ մերկ, ոջիլոտ ու հիւանդ երեխաներ, ամէն օր համբերութեամբ յուսալով, թէ ամերիկեան հնարամտութեամբ իրենց համար ալ տեղ կը գտնուի որբանոցի պատերէն ներս...»:


Ճոն Մեյս
Մերձաւոր Արևելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի աշխատակից

 

Լուսանկարի աղբիւրը՝ Barton J., Story of Near East Relief (1915-1930), New York, 1930.