image
Հրատապ լուրեր:

Ողբերգական դէպք Երեւանի մէջ. Գտնուած է անյայտ կորսուած 18-ամեայ երիտասարդի դին

Ողբերգական դէպք Երեւանի մէջ.  Գտնուած է անյայտ  կորսուած 18-ամեայ երիտասարդի դին

Երեւանի մէջ, այսօր, Ապրիլ 14-ին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է. ժամը 06:50-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ Քիեւեան կամուրջին տակ, Հրազդան գետին մէջ դի կայ: 

Փրկարարները գետէն դուրս բերած են դին: Ոստիկանութիւնը պարզել է, որ գետէն դուրս բերուածը Երեւանի բնակիչ 18-ամեայ Էտուարտ Շ-ն էր, որ որպէս անյայտ կորսուած կ'որոնէին ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժնին կողմէ: 

Փաստի առթիւ քննչական բաժնին մէջ նիւթեր կը նախապատրաստուին: