image

Ողբերգական արկած Սիւնիքի մէջ. Երկու զինուոր զոհուած է

Ողբերգական արկած Սիւնիքի մէջ.  Երկու զինուոր զոհուած է

21 Օգոստոսին, ինքնաշարժի ողբերգական վթար տեղի ունեցած է Սիւնիքի մարզի մէջ: Այս մասին յայտնած է shamshyan.com-ը:

Ժամը 01:30-ի սահմաններուն, Արարատի մարզի բնակիչ, 29-ամեայ Ֆահրադ Յակոբեանը՝ իր վարած Opel Astra մակնիշի մեքենայով, Կապան քաղաքի Յունան Աւետիսեան փողոցի թիւ 2-րդ շէնքի դիմաց՝ դեռ անյայտ հանգամանքներու մէջ, անցած է դիմացի երթեւեկելի գօտի, բախուած է պեթոնէ պատնէշին ու ծառին:

Վթարի հետեւանքով Ֆ. Յակոբեանն ու ուղեւոր` Արարատի մարզի բնակիչ, 37-ամեայ Սուրէն Փիրումեանը մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են «Կապան» հիւանդանոց, իսկ միւս ուղեւոր, Արարատի մարզի բնակիչ, 28-ամեայ Ռազմիկ Յակոբեանը մահացած է:  

Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով, ժամը 07:40-ին, «Կապան» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութեան Կապանի բաժին յայտնած են, որ հիւանդանոց տեղափոխուած վիրաւորներէն Ս. Փիրումեանը՝ գիտակցութեան չգալով, մահացած է:   

Ըստ Շանշեանի, վարորդն ու մահացածները կը ծառայեն ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասին մէջ: