image

«Ոչ մէկ բան պիտի ընենք». Պաքուէն արձագանգ միջազգային հանրութեան

«Ոչ մէկ բան պիտի ընենք». Պաքուէն արձագանգ միջազգային հանրութեան

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէն իր թուիթըրով մեկնաբանած է ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանի 2023-ի 22 փետրուարի որոշումը ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին Միջազգային համաձայնագիրի կիրառման գործերու վերաբերեալ։ Այս մասին տեղեկացուցած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Ինչպէս եւ պէտք էր սպասել, մեկնաբանութեան իմաստը այն է, որ Ատրպէյճանը ոչինչ կը պատրաստուի ընել։

«Միջազգային դատարանը որոշում կայացուցած է այն յայտարարութիւններու երկրորդ ժամանակաւոր հարցումներու վերաբերեալ, որոնք Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը ներկայացուցած են ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման Միջազգային համաձայնագիրի կիրառման վերաբերեալ (որոշումներն ըստ էութեան գործի լուծում չեն հանդիսանար)։

Դատարանը մերժած է Հայաստանի ներկայացուցած ժամանակաւոր միջոցներու մասին 3 հարցումներէն 2-ը, որոնք կը վերաբերին «Ատրպէյճանի կողմէ բողոքներու կազմակերպման եւ աջակցութեան մասին» պնդումներուն եւ «բնական կազի մատակարարման խախտումներէն զերծ մնալուն եւ անյապաղ վերականգնելուն...»։

Երրորդ հարցման վերաբերեալ, հակառակ Հայաստանի պնդումներուն, դատարանը կարգադրած է ոչ այնպէս, ինչպէս կը ցանկար հայկական կողմը. 1) դատարանը բացառած է «ազատ» եւ «բոլոր» բառերը եւ 2) աւելցուցած է երկու կարեւոր ձեւակերպում, այն է՝ «մինչեւ դատարանի վերջնական որոշումն այս գործի վերաբերեալ» եւ «ձեռնարկել իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցները»։

Քանի որ Ատրպէյճանը երբեք չէ շրջափակած եւ չէ խոչընդոտած երթեւեկութիւնը Լաչինի ճանապարհով, այլ ձեռնարկած է իրմէ կախուած բոլոր միջոցները՝ ճանապարհով անվտանգ տեղաշարժն ապահովելու համար, ան կը շարունակէ նոյնկերպ վարուիլ նաեւ դատարանի համապատասխան որոշումէն յետոյ։

Դատարանը հաստատած է Հայաստանին ուղղուած իր կոչը՝ ձեռնպահ մնալու ցանկացած գործողութենէ, որ կրնայ խորացնել կամ երկարացնել երկու պետութիւններու միջեւ վէճը։ 2021-ի որոշման համաձայն՝ Հայաստանը նախկինին պէս պարտաւոր է շտապ միջոցներու ձեռնարկել ատրպէյճանցիներու հանդէպ ցեղային ատելութեան հրահրումը եւ խրախուսումը կանխելու համար։

Ատրպէյճանը նախկինին պէս Հայաստանէն պատասխանատւութիւն պիտի պահանջէ  ատրպէյճանցիներու իրաւունքներու շարունակուող պատմական եւ լուրջ խախտումներուն համար»,- գրած է Հաճիզատէն։