image

Ո՛չ Ճամբայ, այլ փողոց՝ Զիատի անունով. Ռիքարտօ Քարամի գրառումը

Ո՛չ Ճամբայ, այլ փողոց՝ Զիատի անունով. Ռիքարտօ Քարամի գրառումը

Լիբանանցի հանրայայտ լրագրող Ռիքարտօ Քարամ կը գրէ՝   

Երէկ կառավարական նիստի աւարտին Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարարը յայտարարեց, թէ Հանրապետութեան Նախագահը առաջարկած է փոխել Հաֆէզ Ասատի անունը կրող պողոտային անունը։ Խօսքը այն ճամբուն մասին է, որ  կ՚երկարի օդակայանէն մինչեւ Սալիմ Սալամի փապուղին։ Նախագահը կը առաջարկեց պողոտան վերակոչել Զիատ Ռահպանիի անունով եւ այդպէս  ալ որոշում ընդունուեցաւ։

Բայց ինծի համար՝ ոչ, Զիատը պէտք չէ սահմանափակուի պղնձեայ ցուցանակով մը կամ մէկ կառավարական որոշումով։ Զիատին չեն սազեր պետական ընծաները։ Անոր  չի վայելեր իշխանաւորի ձեռքէն ստացած «պարգեւ» մը։

Զիատ Ռահպանի ճիշդ հակառակն էր։ Անիկա իշխանութեան դիմաց բարձրացող ձայնն էր։ Ժողովուրդին զաւակն էր, փողոցի զաւակն էր։ Անիկա կը պատկանի սրճարաններու աղմուկին, փոքր բեմերու լռութեան, սրտաբուխ կատակներու ու երգիծանքի աշխարհին։ Զիատը կը խօսէր նեխած պատերուն, մոռցուած անկիւններուն, այն շրջանցուած թաղերուն, ուր մարդիկ տակաւին կ՛ապրին առանց յոյսի, բայց չեն դադրիր սիրելէ։

Զիատը պէտք է վերապրի այն թաղերուն մէջ, ուր ինք նստած է մատուցողի հետ, ծխած է հիւրասրահի մութ անկիւնին մէջ, ընկերացած է գինիի բաժակով երգողին։ Անիկա միշտ մօտ էր՝ մսավաճառին, հաց թխողին, անցորդին։ Ան «կորսուած էր» ժողովուրդին մէջ,  առանց  երբեք  վեհանալու կամ  «վերանալու»…։

Ուստի, եթէ իսկապէս պէտք է անունը յաւերժացնենք,   այդ անունը  մի՛ կապէք լայն, պետական ասֆալթին։ Թող անունը փորագրուի Ժան Տարք կամ Օրլի թատրոնին մուտքին։ Թող շնչէ այն փողոցին մէջ՝ Ռաս Պէյրութի մէջ՝ ուր տակաւին կը փլուի, ուր կայ  փոշի, բայց երաժշտութիւնը կը յաղթէ լռութեան։

Այո՛, հոն է Զիատը։ Հոն, ուր գրեց։ Հոն, ուր մերժեց։ Հոն, ուր  ապրեցաւ իր սէրը…։