image
Հրատապ լուրեր:

Խմբագրական «Մասիս»ի. Թրամփի նախագահութեան չիրականացած խոստումները

Խմբագրական «Մասիս»ի. Թրամփի նախագահութեան չիրականացած խոստումները

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանոլտ Թրամփ 2025 տարին կը բոլորէ բաւականին ցած վարկանիշով: Միլիոնաւոր Ամերիկացիներ այս օրերուն յուսախաբութիւն կ’ապրին, որ չեն իրականացած նախագահին տուած նախընտրական խոստումները: Ոմանք նոյնիսկ զղջացած են իրենց կատարած ընտրութեան համար:

Հանրային կարծիքի հարցախոյզերուն համաձայն, Թրամփի վարկանիշը ներկայիս կը տատանի 36-42 տոկոսի միջեւ, իսկ սղաճի վերաբերեալ քաղաքացիներու միայն 31 տոկոսը գոհ է անոր վարած տնտեսական քաղաքականութենէն: Ան կը խոստանար նուազեցնել սննդեղէնի, բնակարաններու եւ այլ սպառողական ապրանքներու գիները  պաշտօնավարման առաջին օրն իսկ: Սակայն պատկերը այն է, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին ժողովուրդին համար կարեւոր ու ամէնօրեայ օգտագործման առարկաներու գիները ոչ միայն մնացած են նոյնը, այլ աւելի բարձրացած: Գիներու յարաճուն բարձրացումը կ’առնչուի ներմուծուող ապրանքներու վրայ  Թրամփի հաստատած մաքսատուրքերն հետ: Բազմաթիւ տնտեսագէտներ կ’զգուշացնէին« որ այդ տուրքերը պիտի վճարուին Ամերիկացի ժողովուրդի գրպանէն: Սակայն, Սպիտակ Տան ներկայ բնակիչը կը շարունակէ վարել նոյն ձախողած քաղաքականութիւնը:

Թրամփի վարկանիշին վրայ կ’ազդեն նաեւ այլ խոստումներ, որոնք չիրականացան եւ կամ սխալ ձեւով կը գործադրուին: Ան խոստացած էր երկրէն արտաքսել այն բոլոր ապօրէն գաղթականները, որոնք յանցագործութիւն կատարած էին: Սակայն, շատերու համար անակնկալ է եւ վրդովմունք կը յառաջացնէ այն պարագան, որ 20 կամ 30 տարի Ամերիկա ապրողներ բռնի կ’արտաքսուին երկրէն ու ընտանիքի անդամներ կը բաժնուին իրարմէ ու կ’ուղարկուին այլ երկիրներ, որոնց ո°չ լեզուին եւ ո’չ ալ կենցաղին ծանօթ են:

Թրամփի կարեւոր խոստումներու շարքին էր, մէկ օրուան մէջ վերջ տալ Ռուսաստան-Ուքրանիա պատերազմին: Բաւականին անիրականանալի հաւաստիացում մըն էր այս, սակայն շատեր հաւատացին անոր: Տարի մը ետք պատերազմը կը շարունակուի, իսկ Թրամփ ամէն ջանք կ’ընէ, որպէսզի Ուքրանիան հակամարտութենէն դուրս գայ պարտուած եւ ընդունի ռուսական կողմի պայմանները:

Թրամփ խոստացած էր հրապարակայնացնել մանկապղծութեան մէջ դատապարտուած եւ ապա բանտի մէջ անձնասպանութիւն գործած` Ճէֆրի Էփսթինին վերաբերող դատական բոլոր թղթածրարները: Ընտրութիւններէն ետք Թրամփ փորձեց մոռացութեան մատնել իր այդ խոստումը մինչեւ որ հանրային կարծիքն ու Գոնկրէսի որոշումը ստիպեցին, որ այդ փաստաթուղթերը հրապարակուին, որոնց մէջ կը յիշատակուի նաեւ նախագահի անունը, որպէս Ճէֆրի Էփսթինի անցեալի բարեկամը:

Այս  ու բազմաթիւ այլ պատճառներով Թրամփի ժողովրդականութիւնը ներկայիս կը գտնուի իր ամենէն ցած մակարդակին վրայ, որ իր կարգին կ’անդրադառնայ Հանրապետական Կուսակցութեան վարկանիշին վրայ: Այս պարագան աւելի յստակ դարձաւ վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած մասնակի ընտրութիւններուն ընթացքին, երբ ամէնուրեք Դեմոկրատ Կուսակցութեան թեկնածուները հասան յաղթանակի եւ կամ ակնկալուածէն աւելի ձայներ ստացան: Քաղաքական շրջանակներու կ’անխատեսումը այն է, որ 2026-ի ընտրութիւններուն Դեմոկրատները պիտի գրաւեն առնուազն Ներկայացուցիչներու Տան մեծամասնութիւնը ու այդպիսով պիտի սկսի Տանոլտ Թրամփի նախագահութեան աւարտը:

 

Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»

12/26/2025