image

Վնասաբեր Ծիծաղ եւ Ամօթալի Կատակ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Վնասաբեր Ծիծաղ եւ Ամօթալի Կատակ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Իսլամ անձի մը հետ եթէ Քուրանի մասին քմծիծաղով կամ կատակով խօսինք, ի՞նչ պիտի ըլլար անոր կեցուածքը, ու մանաւանդ պատասխանը։ Բնականաբար մեզ զգաստութեան պիտի հրաւիրէր եւ նոյնիսկ պիտի յանդիմանէր։  Քրիստոնեայ աշխարհի մէջ պատկերը տխուր է։ Շատերու մօտ Հաճոյախօս ըլլալու չափանիշներէն է աստուածաշնչական դէմքերուն եւ դէպքերուն վերաբերեալ ծիծաղելի ոճով խօսիլ։ Այդպիսի մարդիկ  կրօնական համոզումներուն շուրջ անտրամաբանական մօտեցում ունին։ Լկտի ոճով եւ անզուսպ ախորժակով եկեղեցւոյ սրբութիւնները կը փորձեն արհամարհել։ Ինչի՞ հետեւանք են ասոնք։ Սանձարձակութեա՞ն, հոգեւոր կուրութեա՞ն, մեծամտութեա՞ն..(հաւանաբար ուրիշ պատճառներ ալ կան)։ Անշուշտ բնաւ արդարացուցիչ եւ  համոզիչ չեն պատճառները։

 

 

Ուրախութեան միջոց հանդիսանալը մարդկային կարեւոր յատկութիւն է։ Ծիծաղի ձեւեր որդեգրողներ կան, որոնք որոշ թեմաներ ընտրելով` զուարճախօսութեամբ ներկայացում կը կատարեն։ Նմանօրինակ ելոյթներ երբեմն խմբային աշխատանքի արդիւնք են, ինչպէս օրինակ զաւեշտ, կատակերգութիւն, երբեմն ալ անհատական ։ Այս ելոյթները խնդալու առիթ կու տան հանրութեան։ Սա արուեստ է եւ քիչերու վերապահուած տուեալ։ Ուստի, գնահատելի են այս տիպի ներկայացումները։ Սակայն կրօնքի մասին երբեք արտօնուած չէ կատակով խօսիլ։ Կրօնական հաւատալիքներու նկատմամբ որեւէ քմահաճ մօտեցում ո'չ միայն բարոյական ոճիր է, այլեւ գայթակղութիւն։ Յատկապէս երբ Աստուածաշունչէն որոշ բաժիններ կը մեկնաբանուին որպէս ծիծաղի ծառայող թեմայ։ Աստուածաշունչը բարոյական արժէքներու, հոգեւոր սկզբունքներու եւ սրբազան աւանդութիւններու մասին կը խօսի։ Ան առողջ դաստիարակութեան ուղեցոյցն է։ Առանց իր պատգամներուն, խրատներուն եւ խոստումներուն մարդը պիտի մնայ աստուածային յայտնութենէն անտեղեակ։ Աստուածաշունչը հաւատքի անխախտ ճշմարտութիւնը կը ներկայացնէ, որուն շնորհիւ կարելի է ապրիլ Տիրոջ կամքին համաձայն։ Կան մարդիկ, որոնք Աստուածաշունչ կարդալու փափաք չունին, կը նախընտրեն իրենց պատկերացումներով ապրիլ, կարծելով թէ իրենց անձնական գաղափարներով եւ գիտելիքներով կրնան առաքինութեամբ աճիլ, բարիին կառչիլ եւ կատարեալին ձգտիլ։ Այսպիսի մտայնութիւն ունեցողներէն ոմանք ծայրայեղ միջոցներու կը դիմեն եւ կրօնական ըմբռնումներու  նկատմամբ քմծիծաղով կ`արտայայտուին։ Աւելին` հրապարակաւ սուրբ գրային որոշ նիւթերը հանրութեան կը ներկայացնեն որպէս զաւեշտի թեմայ։ Ի՜նչ ամօթալի  սրբապղծութիւն, բացայայտ խայտառակութիւն, անմակարդակ կատակերգութիւն եւ միտքեր պղտորելու ծառայող յանդգնութիւն։ Շատե՜ր սիրով կ`ողջունեն նման ելոյթներ եւ կը դառնան տարածիչը հաւատքի ճշմարտութիւնը նենգափոխող խօսքերուն։  Բեմականացուած թատերական նիւթերը կամ կատակերգութիւնները օգտաշատ, շահեկան եւ բարենպաստ ըլլալու են, որպէսզի հանդիսատեսը դասեր քաղէ, կեանքի ժխտական երեւոյթները մերժէ եւ խղճի արդար պոռթկումով տգիտութեան դէմ պայքար մղէ։ Ահա այն ատեն ծիծաղը, զաւեշտը, եւ կատակը իրենց բարերար ազդեցութիւնը կ`ունենան։ 

Իսլամ անձի մը հետ եթէ Քուրանի մասին քմծիծաղով կամ կատակով խօսինք, ի՞նչ պիտի ըլլար անոր կեցուածքը, ու մանաւանդ պատասխանը։ Բնականաբար մեզ զգաստութեան պիտի հրաւիրէր եւ նոյնիսկ պիտի յանդիմանէր։  Քրիստոնեայ աշխարհի մէջ պատկերը տխուր է։ Շատերու մօտ Հաճոյախօս ըլլալու չափանիշներէն է աստուածաշնչական դէմքերուն եւ դէպքերուն վերաբերեալ ծիծաղելի ոճով խօսիլ։ Այդպիսի մարդիկ  կրօնական համոզումներուն շուրջ անտրամաբանական մօտեցում ունին։ Լկտի ոճով եւ անզուսպ ախորժակով եկեղեցւոյ սրբութիւնները կը փորձեն արհամարհել։ Ինչի՞ հետեւանք են ասոնք։ Սանձարձակութեա՞ն, հոգեւոր կուրութեա՞ն, մեծամտութեա՞ն..(հաւանաբար ուրիշ պատճառներ ալ կան)։ Անշուշտ բնաւ արդարացուցիչ եւ  համոզիչ չեն պատճառները։

Խնդալու եւ խնդացնելու բազմաթիւ հնարքներ եւ հնարաւորութիւններ կան։ Քրիստոնէական հաւատքը հոգիի խաղաղութեան եւ խղճի հանգստութեան նպաստող ազդու միջոց է, բնաւ կատակի դրամագլուխ չէ։ Առանց կատակերգութեան կեանքը ողբերգութեան կը վերածուի։ Բայց հարկ է  նկատի առնել պատշաճութիւնները, երկիւղած պատկառանքով յարգել եկեղեցւոյ սրբութիւնները եւ մշտապէս մտաբերել Աստուածաշունչին եզակի տեղն ու դերը ժողովուրդներու պատմութեան մէջ։

Կատակերգութիւնը դաստիարակչական նպատակ ունենալու է։ Այդպիսով  հասարակութիւնը մօտէն կը նկատէ իր  ընթացքն ու ապրելակերպը, եւ ապագայ կերտելու համար նախ ներկան արժեւորելը առաջնահերթ կը համարէ։ Թատերաբեմը նուիրական տեղ է։

Մենախօսութիւն կատարողը իր անհիմն տեսակէտները եւ քմահաճ եզրակացութիւնները բազմութեան սեփականութիւնը պէտք չէ դարձնէ։ Նմանօրինակ մօտեցում կասկածամտութիւն եւ շփոթութիւն տարածելու կը նպաստէ։ Ծիծաղը իմաստութեամբ, կատակը խոհեմութեամբ եւ զուարճախօսութիւնը հաւասարակշռութեամբ դրական անդրադարձ կ`ունենան։

Պօղոա առաքեալը  կ`ըսէ."Ձեր խօսքերը միշտ շնորհալի թող ըլլան, աղով համեմուած, եւ գիտցէք` ի'նչպէս պէտք է պատասխանէք իւրաքանչիւր մարդու"։(Կղ 4.6) Դարձեալ կը խրատէ ըսելով."Վայել չէ որ լկտի եւ ամբարիշտ խօսակցութիւններով կամ խեղկատակութեամբ զբաղիք.(Եփ 5.4)

Տիրոջ շնորհքով, Նահատակներու արիւնով եւ մեր հայրերուն յաղթական երթով "քրիստոնեայ" կոչուելու պատիւը ստացանք։ Իրաւունք չունինք այդ սուրբ պատիւը "աժանցնել"։ 

Մեր հոգեւոր արժէքները կը մնան վեհ, զանոնք ծիծաղի առարկայ դարձնելու ճիգ թափողները պէտք է սթափին, զգաստ ըլլան, իրենց սխալը խոստովանին եւ լեզուի ահաւոր մեղքերէն հրաժարին, այլապէս մարդոց միտքերուն մէջ  անտարբերութեան որոմը պիտի շարունակեն ցանել։

Վայելուչ ու դրական միջոցներով մարդոց ուրախացնենք, նշանաբան ունենալով իմաստունին հետեւեալ հաստատումները._"Մահն ու կեանքը լեզուին ձեռքն են"։(Առ 18.21)"

"Վայելուչ խօսքերը մեղրի խորիսխին պէս են, հոգիին` քաղցր ու ոսկորներուն բժշկութիւն են"։(Առ 16.24)

"Շատ խօսքերուն մէջ յանցանք պակաս չէ, բայց իր շրթունքները զսպողը խելացի է։ Արդարին լեզուն ընտիր արծաթ է։ Ամբարիշտներուն սիրտը քիչ արժէք ունի"։(Առ 10.19_20)

Կրօնաշունչ գիրքի մը հեղինակը (անունը չեմ յիշէր) ըսած է."Մեղք գործելը մարդկային է։ Մեղքի մէջ մնալը` հրէշային։ Մեղքէն հեռանալը` հրեշտակային"։

Ընտրենք այն ինչ որ աստուածահաճոյ է, որպէսզի բարին խօսելու եւ գործելու հետամուտ ըլլանք։

 

Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան

 

Տ. Խորէն  քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Ծնած է Հալէպ 1982ին։ Յաճախած է Ազգային Մեսրոպ...