Զմմառու դարաւոր վանքի կամարներուն տակ օրերս նշուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ամենաերեց միաբան հանդիսացող Արհի. Հ. Գէորգ Գերպ. Խազումեանի կուսակրօն քահանայութեան 65-ամեակը։
Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի Թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհի. Հ. Գրիգոր Գերպ. Պատիշահի կատարած սրտառուչ գրառումէն։
Ստորեւ այդ գրառումը՝
Այսօր, նշեցինք մեր աննման եպիսկոպոս` Տէր Գէորգ Արք. Խազումեանին քահանայութեան 65-ամեակը։ 65 տարիներ` Տիրոջ եւ Եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ, նուիրումով եւ զոհաբերութեամբ լեցուն ճանապարհ մը, որուն նմանը հազիւ թէ տեսնենք այս ժամանակներուն։
Ձեր կեանքի ամէն մէկ օրը վկայութիւն մը է` խոնարհութեան, սրբութեան, նուիրումի եւ հոգեգրաւ պարզութեան։
Մեր եկեղեցին այսօր կը կարօտի ձեր նմաններուն, Գերապայծա՜ռ Տէր։ Շնորհակալ ենք ձեզի, բոլոր այն ծառայութեանց համար, զորս կատարեցիք ու կը շարունակէք կատարել եկեղեցւոյ պայծառութեան ու մեր հայ համայնքի վերելքին։ Դուք գանձ ու օրհնութիւն մըն էք Զմմառու Վանքին ու մեր Միաբանութեան։