Երբ զիս տեսնէր, կարծես ամբողջ աշխարհը իրը կ'ըլլար: Խնդրանքս՝ իր հաճոյքն էր. ուրախութիւնս՝ իր երանութիւնը: Վստահ եմ, եթէ հոգին ալ խնդրէի, սիրով կու տար: Այս բոլորը, իբրեւ մանուկ եւ պատանի հասկցած էի, առանց տեսնելու ժպիտի հատիկ մ'իսկ իր դէմքին վրայ: Մեծ մայրս՝ 1905-ի ծնունդ ըլլալով, այդ հատիկներուն մեծ մասը սպառած էր որբութեան ու գաղթականութեան ճամբուն վրայ: Մնացածն ալ խամրած էր, իր Պոլսաբնակ եղբօր կարօտով :
Կիրակիները մեզի համար տօն էին, իսկ մեծ մօրս տունը՝ աշխարհի քարտէսին ամէնէն գեղեցիկ վայրը: Մինչեւ երրորդ յարկ՝ տանիք հասնող թթենին, մեր խաղավայրն էր։ Եթէ հրաշագործ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը չըլլար, ես եւ եղբայրս քանի մը անգամ երկինք բարձրացած կ'ըլլայինք: Մեծ մայրս թթենին կը թօթուէր եւ լեփ լեցուն ճերմակ թասերով՝ ամբողջ թաղին «սէր» կը բաժնէր: Մեծ մօրս տան մէջ առաւօտուն արթննալը ամենամեծ հաճոյքս էր: Թթենիին խիտ ճիւղերուն մէջէն, արեւուն ճառագայթները փախուստի փայլուն ճամբաներ կը գտնէին ու կ'իջնէին մինչեւ սիրտիս խորքը:
Մօրս կարած կապոյտով սեւ հագուստը՝ բացառութիւն մըն էր իր ունեցած ընթացիկ սեւ հագուստներէն: Մեծ մայրս Պոլիս պիտի մեկնէր, իր մէկ հատիկ ողջ մնացած եղբայրը տեսնելու: Տարիներու երազ էր, որ մեծ զոհողութիւններով իրական կը դառնար: Մանուկի բնազդով, վայրկեանին խորհրդաւորութիւնը կը զգայի...: Մեծ մօրս դէմքին՝ լոյս նստած էր: Իր անժպիտ շնչառութիւնը կը լսէի...:
_Աղջի՛կս, ինծի հագուելիք մի բերեր. ինծի գիրք բեր: Ես ինչ ըլլայ սիրով կը կարդամ՝ վէպ, բանաստեղծութիւն, կրօնական, պատմական...:
Ինքնուս տիրապետած էր հայերէնին, իսկ լատինատառ նամակներ կը գրէր Պոլսաբնակ եղբօր՝ Գեղամին: Ականջէս բնաւ չեն հեռանար իր խօսքերը. «Փողոցէն օրաթերթի պատառիկներ կը գտնէի. չիմացած տառերուս հնչիւնը, աջին ձախին հարցնելով կ՚իւրացնէի: Բազմանդամ էինք մէկ սենեակի մէջ, մոմի լոյսով՝ գլուխս մահճակալին տակ պահած, գիրքեր ամբողջացուցած եմ: Երբեմն ալ տարուած՝ գիշերներ լուսցուցած եմ...»:
_ Սա օթեկ հացերը, Աստուր քեռիին նապաստակներուն տանիմ:
Պատանուհիի պարզութեանբ կ'ըսէի. «Ա՜խ մեծ մամա, հիմա այդքան ճամբայ պիտի քալես, նապաստակներուն հա՞ց հասցնես:
_ Եաւրըմ, ես հաց չեմ կրնար թափել. ես ձիուն թրիքին մէջէն գարիի հատիկներ կերած եմ...: Անօթութիւնը իր յիշողութեան մէջ աւեր գործած էր: Մեզ շռայլօրէն կերակրելը իր գերագոյն հաճոյքն էր: Իր մատներով ոլորուած թահինով հացը՝ մինչեւ օրս մրցակից չունի: Հապա իր
անուշաբոյր ճաշի կաթսաները՞, խորիզով գաթաները՞...: Պատառ - պատառ իր հոգիով սէր կը թխէր...:
Երիտասարդ մօրս մահը, իր չունեցած ժպիտը եւ լսողութիւնը տարաւ: Ոչ գաղթի ճամբան, ոչ Պոլիսը, ոչ ալ սովը զինք այդքան ցաւցուցած էին...: Թթենին ալ չորցաւ։ Այլեւս անոր ճիւղերուն մէջէն արեւը չէր թափանցեր...։ Ի՜նչ փոյթ, թէ նապաստակները ի՛նչ կ'ուտէին:
_ Սիլվա՛ աղջիկս, ճաշ եփելը մոռցած եմ:
_ Մեծ մամա՛, քեզի գիրքեր բերած եմ:
Կարծես թէ մարմինէն ելեկտրական հոսանք մը կ'անցնի ու մխիթարութիւն գտածի եռանդով , գիրքերը կը գրկէ, կը շոյէ, կը զննէ...։ Ձեռքին մէջ՝ ցիր ու ցրիւ օրաթերթի պատառիկներ չեն այլեւս, այլ ամբողջութեամբ՝ իրեն պատկանող, սփոփանքի հատորներ:
֍֍֍
Մեծ մօրս անունը Մարիամ էր, ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին իր սիրալիր վարմունքով, հաւատքով, նկարագիրով ու կենցաղով արժեցուց Մարիամ անունը: Յիշատակդ անթառամ է բարի մեծ մամաս։
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան