Իրանի խորհրդարանի խօսնակ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆ յայտարարած է, որ Թեհրան պէտք է ծրագիրներ մշակէ Միացեալ Նահանգներու «անարդար պատժամիջոցները» յաղթահարելու համար։
Յիշեցնենք, որ երէկ Միացեալ Նահանգներու ֆինանսներու նախարար Սքոթ Պեսընթ յայտարարած էր Իրանի նկատմամբ երբեւէ սահմանուած ամենախիստ պատժամիջոցներու մասին։ Անոր խօսքով՝ սահմանափակումներու մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացուին երկուշաբթի։ Պեսընթ նաեւ ակնարկած էր, որ նոր միջոցառումները կրնան նուազեցնել հետագայ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու անհրաժեշտութիւնը։
Ղալիպաֆ նշած է, որ տնտեսական զարգացումն ու անվտանգութիւնը սերտօրէն փոխկապակցուած են։ Պաղտատի մէջ իրանցի եւ իրաքցի գործարարներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին ան ԱՄՆ-ը եւ Իսրայէլը մեղադրած է Իրանի դէմ տնտեսական եւ «ճանաչողական» պատերազմ վարելու մէջ։ Անոր խօսքով՝ այդ երկիրները եկած են այն եզրակացութեան, որ չեն կրնար յաղթել Իրանի եւ Իրաքի հետ անմիջական ռազմական բախման պայմաններուն մէջ։
«Եթէ նայիք իսլամական երկիրներու պաշարներուն եւ հումքին, պիտի հասկնաք, որ մեր թշնամիները կու գան զանոնք թալանելու»,– ըսած է Ղալիպաֆ։
«Ուստի մենք պէտք է ծրագիրներ մշակենք անարդար պատժամիջոցներուն դէմ պայքարելու համար, որպէսզի կարենանք յաղթահարել զանոնք»,– աւելցուցած է ան։
Ղալիպաֆ նաեւ կոչ ըրած է ամրապնդելու Պաղտատի եւ Թեհրանի միջեւ տնտեսական կապերը։ Ան նշած է, որ երկու երկիրները կրնան երկկողմ առեւտուրին մէջ օգտագործել ազգային արժոյթները՝ ամերիկեան տոլարէն կախուածութիւնը նուազեցնելու համար։