Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերու «Աբրահամ Լինքըլն» օդանաւակիրը, որ կը մասնակցէր Իրանի դէմ գործողութեան, կը վերադառնայ Քալիֆորնիոյ Սան Տիէկոյի ռազմակայանը։ Այս մասին կը հաղորդէ CNN-ը՝ վկայակոչելով աղբիւր մը։
Լրատուամիջոցի տուեալներով՝ նաւը տակաւին չէ լքած Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութեան պատասխանատուութեան գօտին։
Իր հերթին, The New York Times կը նշէ, որ օդանաւակիրը, որուն վրայ շուրջ 5000 նաւաստի կայ, արդէն ինը ամիս է՝ ծովուն մէջ կը գտնուի։
Միաժամանակ, «Աբրահամ Լինքըլն»-ի ռազմակայան վերադարձը չի նշանակեր, որ Միացեալ Նահանգները կը կրճատէ իր ռազմական ներկայութիւնը Իրանի մերձակայքը։ Միացեալ Նահանգներու հրամանատարութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջան տեղափոխած է Ճափոնի մէջ տեղակայուած «Ճորճ Ուաշինկթըն» օդանաւակիրը, որ արդէն ստանձնած է «Աբրահամ Լինքըլն»-ի կողմէ աւելի առաջ իրականացուող գործառոյթները։
Վերջին շաբաթներուն «Աբրահամ Լինքըլն»-ը յայտնուած է ամերիկեան լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին։ Հաղորդումներ հրապարակուած են այն մասին, որ նաւաստիները կը բողոքեն ծառայութեան չափազանց ծանր պայմաններէն։ Նշուած է, որ խնդիրները պայմանաւորուած էին անով, որ իրանցի զինուորականները յաջողած էին շարքէ դուրս բերել Պահրէյնի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանը, որ կը ծառայէր օդանաւակիրը մատակարարելու համար։
«Աբրահամ Լինքըլն»-ի վրայ գտնուող զինծառայողներու ճակատագիրի թեման սկսան օգտագործել դեմոկրատ քոնկրէսականները՝ Փենթակոնի եւ ընդհանրապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի գործողութիւնները քննադատելու համար։