Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. պապին հետ եւ անոր դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց «բոլոր ջանքերուն համար, զորս ան կը թափէ Լիբանանին աջակցելու համար` հասնելու Իսրայէլի բռնագրաւումը վերացնելու եւ իր հողերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու Լիբանանի պահանջներուն իրագործման»:
Նախագահը պապին կոչ ուղղեց շարունակելու այս պահանջներուն իր աջակցութիւնը:
Աուն աւելի ուշ հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինի եւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Ռիչըրտ եպս. Կալակըրի հետ:
Վատիկանի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ այդ հանդիպումը հիմնականին մէջ կեդրոնացած է Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ստորագրուած «Եռակողմ շրջագծային համաձայնութեան» վրայ:
Սուրբ աթոռը գոհունակութիւն յայտնած է այդ փաստաթուղթի ստորագրման համար, սակայն նոյն միեւնոյն ժամանակ լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է անոր գործադրութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն նկատմամբ` իր զօրակցութիւնը յայտնելով այդ ուղղութեամբ թափուող ջանքերուն նկատմամբ: