image

Խոնարհութեան կաթիլը Գուզճունճուքի մէջ

Խոնարհութեան կաթիլը Գուզճունճուքի մէջ

Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝

Միասին պատառ մը հաց կիսելը միայն սովորական արարք չէր, այլ՝ Քրիստոսի շօշափելի սիրոյ բաշխումը։

Պատմել կարելի է Գուզճունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մասին, որ արդէն աւելի քան  150 տարուայ հարուստ «կենսագրութիւն» ունի։ Անոր մէջ աղօթած են,  մեր  ժողովուրդին հաղորդութիւն  բաշխած  են, հոգեւոր զօրութիւն գտած են բազմաթիւ նուիրական անուններ։ Նոյնիսկ Հայոց Հայրիկը՝ Մկրտիչ Խրիմեան Կաթողիկոսը, ապրած է այդ եկեղեցւոյ շրջակայքին մէջ։

Այս սրբավայրին մէջ հայեացքները կը միանան՝ մէկը դէպի վիրաւոր արեւմտահայ գաւառները, իսկ միւսը՝ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Այս ամբողջին վրայ կ՚աւելնայ նաեւ Պոլսոյ Հայոց հոգեւոր դասու  յարգուած անդամներէն Արժ. Տ. Զաւէն Աւ. Քահանայ Պուչաքճեանի ներշնչող քարոզը, որ կը զօրացնէ հաւատացեալները Քրիստոսի սիրով։ Քարոզին աւարտին ներկաները միաձայն կը բացագանչեն՝ «Ամէն»։

Խոնարհութեան յատուկ պահեր են, երբ քաղաքի տարբեր անկիւներէն հաւատացեալներ կը հասնին այս գողտրիկ եկեղեցին՝ իրենց հետ բերելով աղօթքի լուռ շունչը եւ սրտի խոնարհումը։

 Իսկ օրուան ամենապայծառ պահերէն մէկը եղաւ Պոլսոյ Գալֆայեան միաբանութեան միացած Քոյր Հռիփսիմէի ներկայութիւնը, որ իր ներկայութեամբ աւելի եւս զարդարեց այս գեղեցիկ մթնոլորտը։

Տէր Զաւէնը անոր նուիրեց խաչ մը՝ որպէս եղբայրական սիրոյ եւ գնահատանքի արտայայտութիւն։

Ասկէ աւելի ի՞նչ կարելի է փնտռել… Ի՞նչ աւելի մեծ բան, քան կաթիլ մը խոնարհութիւնը, հացի սեղանին շուրջ Քրիստոսի կենդանի սէրը եւ իրար հանդէպ անմնացորդ յարգանքն ու երախտագիտութիւնը։

Այս առթիւ շնորհակալութեան  յատուկ  խօսք՝  եկեղեցւոյ ծխատէր Քահանայ՝ Տէր Թէոդիկին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Մասիս Գույումճուին։