image
Հրատապ լուրեր:

Անդրանիկ Թեւանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու միջնորդութիւն ներկայացուած է

Անդրանիկ Թեւանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու միջնորդութիւն ներկայացուած է

Մայիս 22-ին դատախազը միջնորդութիւն ներկայացուցած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու Անդրանիկ Թեւանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու համաձայնութիւն ստանալու համար: Այս մասին յայտնած են Գլխաւոր դատախազութենէն:

Քննչական կոմիտէն պետական դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան յօդուածներով քրէական վարոյթ նախաձեռնած է 2021-ին «Հայաստան» դաշինքին աջակցած պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեանի դէմ՝ հիմք ընդունած ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն ստացած հաղորդումը։ 

Մայիս 22-ին, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը քննչական գործողութիւններ իրականացուցած է «Մայր Հայաստան» կուսակցութեան գրասենեակին մէջ։ Խուզարկած են նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու Անդրանիկ Թեւանեանի բնակարանը։

Թեւանեան յայտնած է, որ կուսակցութեան գրասենեակէն հեռախօս, համակարգիչ եւ փաստաթուղթեր առգրաւած են։ 

Աւելի վաղ Քննչական կոմիտէն յայտարարած էր, որ պետական դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան յօդածներով քրէական վարոյթ նախաձեռնած է Անդրանիկ Թեւանեանի դէմ։

Նշուած է, որ հաւաքագրուելով օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու կողմէ՝ ան գաղտնի տեղեկութիւններ փոխանցած է արտասահմանեան կառոյցի ներկայացուցիչին՝ խոշոր գումարի դիմաց։ Գործը կը վերաբերի 2024-ի ապրիլին Ազգային Ժողովի փակ, գաղտնի նիստին կայացած լսումներու ընթացքի եւ արդիւնքներու վերաբերեալ ռուսերէն թարգմանուած տեղեկութիւններու մասին։

Անդրանիկ Թեւանեանն արձագանգելով իր դէմ յարուցուած քրէական վարոյթին յայտարարած է, որ 2023-ին վար դրած է պատգամաւորի մանթատը եւ մասնակցած է Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն։