image

Վերմիշեանի առողջութիւնը վատացած

Վերմիշեանի առողջութիւնը վատացած

Կալանավայրին մէջ վատացած է ՀՀ քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախկին նախագահ Վահագն Վերմիշեանի ինքնազգացողութիւնը։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է անոր պաշտպան Ալեքսանտր Քոչուպաեւը։

Ան նշած է, որ Քրէակատարողական հիմնարկէն ներս կ'աշխատի շտապ օգնութեան խումբը:

Յիշեցնենք, որ Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախկին ղեկավար Վահագն Վերմիշեանի ինքնազգացողութիւնը վատացած էր դատական նիստերու դահլիճին մէջ: Դէպքը տեղի ունեցած էր նիստի մեկնարկէն կարճ ժամանակ անց: Վերմիշեան դատավարութեան կողմերուն կոչ ըրած էր մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու արտադրող Արմէն Գրիգորեանի յիշատակը, որ տաս օր առաջ յանկարծամահ եղած էր նոյն դահլիճին մէջ՝ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Կեդրոն նստավայրին մէջ: Նիստը նախագահող դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանն այդ քայլը համարած էր դատարանի նկատմամբ անարգալից վերաբերմունք, որոշած էր դատական պատիժ կիրառել Վերմիշեանի նկատմամբ եւ նիստերու դահլիճէն տասը ժամով անոր հեռացնելու որոշում կայացուցած: Վերմիշեան դատաւորի պահուածքէն վրդոված էր ու անոր ինքնազգացողութիւնը վատացած էր: