Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ՝ Զարեհ Սինանեանը վերանշանակուած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնին։
Որոշումը հրապարակուած է ՀՀ կառավարութեան e-gov.am կայքին մէջ։
«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» օրէնքի 8-րդ յօդուածի 2.1-ին մասով եւ 9-րդ յօդուածի 25-րդ մասով՝ Սփիւռքի գործերի գլխաւոր յանձնակատարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Զարեհ Ջոն Սինանեանին վերանշանակել Սփիւռքի գործերի գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնում»,- նշուած է որոշման մեջ։
Զարեհ Սինանեանը Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնը կը զբաղեցնէ 2019 թուականէն։