Նեփալի մէջ երէկ տեղի ունեցած ջրհեղեղի հետեւանքով զոհուած է առնուազն 162 մարդ, իսկ հարիւրաւոր անձեր, ներառեալ շուրջ 500 օտարերկրացիներ, անհետ կորսուած կը համարուին։
Չինական լրատուամիջոցները յայտնած են աւելի քան 550 անհետ կորսուածներու մասին, որոնցմէ 260-ը օտարերկրացիներ են։ Աղէտալի ջրհեղեղին պատճառը կրնար ըլլալ սառոյցի հսկայական կտորը, որ ինկած է լեռնային գետին մէջ։
Այն շրջանը, ուր տեղի ունեցած է տարերային աղէտը, կազմակերպուած զբօսաշրջային շրջագայութիւններու համար այնքան ալ ժողովրդական չէ։ Այնուամենայնիւ, տարուան այս եղանակին Նեփալի մէջ յատկապէս շատ են պուտտայական եւ հինտու ուխտաւորները։
Ինչպէս կը պարզաբանէ Նիւ Տելհիի մէջ BBC-ի թղթակից Ապարնա Ալլուրին, աղէտի շրջանին մէջ կը գտնուին ուխտագնացութեան երկու վայրեր, որոնք սրբազան կը համարուին հինտուներու, պուտտայականներու եւ ճայնիստներու կողմէ։ Ատոնք են Թիպեթի մէջ, Քայլաշ լերան մօտ գտնուող Մանսարովար լիճը (չինական կողմը) եւ Նեփալի Ռասուվա շրջանին մէջ գտնուող Կոսայքունտա լիճը։