image

Մէկ տան զաւակները՝ վէճէն անդին

Մէկ տան զաւակները՝ վէճէն անդին

Ո՞վ է ճիշդ, եւ ո՞վ է սխալ էական չէ, ինչքան հասկնալը, որ բոլորս մէկ «տան» բնակիչներ ենք, ըլլանք հոս՝ Հայաստանիս մէջ, կամ ապրինք նոյնիսկ հայութեան հեռաւոր, բայց լուսառատ կէտերէն մէկուն՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ։

Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

Օրերս ՀՀ Ազգային Ժողովի ամպիոնէն «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ներկայացուցիչ՝ Արման Եղոյեան իր մէկ ելոյթի ժամանակ Սփիւռքի մասին ալ խօսեցաւ

Ելոյթը, որ սփիւռքեան որոշ շրջանակներու ուղղուած էր բնականաբար ընդունուեցաւ՝սուիններով։

Ո՞վ է ճիշդ, եւ ո՞վ է սխալ էական չէ, ինչքան հասկնալը, որ բոլորս մէկ «տան» բնակիչներ ենք, ըլլանք հոս՝ Հայաստանիս մէջ, կամ ապրինք նոյնիսկ հայութեան հեռաւոր, բայց լուսառատ կէտերէն մէկուն՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ։

Ահա իմ մտածումներս ստեղծուած վէճին մասին, որուն «անուղակի» մասնակիցն է Արման Եղոյեանը, իսկ իմ լաւ ընկեր Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը  վիրաւորուած ըլլալով այդ ելոյթէն բաւական «թունդ» պատասխան-գրառումով մը հանդէս եկած է։

Ամենակարեւորը ինծի համար, հեռու մնալ մաղձէն եւ աշխատիլ ստեղծուած վիճակները «փարատել» առողջ քննարկումներով ու լաւ գործքերով։

Ահա գրառումս (որ երեւաց նաեւ Խաչիկի գրառման ներքեւ) ։

Խաչիկ ջան քանի օրէ պիտի գրեմ, պարզապէս Ձեզմէ շատերը չնեղացնելու համար կը խուսափիմ։ Գրառում մըն ալ պատրաստեցի, բայց պիտի չուզեմ հրատարակել։ Արման Եղոյեանի տեսանիւթը դիտեցի, նոյնիսկ եթէ վրդովեցնող մօտեցումներ կային «մեր գիտցած» ու ատեն մըն ալ ապրած Սփիւռքին մասին, բնաւ արդարացուցիչ չէին անոր հասցէին ուղղուած խօսքերը, որոնց «օրհնութիւն»ը դուն անձամբ ալ տուած ես։

Եթէ քննարկում է, այդ պիտի ըլլայ կշռուած, լուրջ, առանց մաղձի...։

Այո հաստատ գիտեմ, որ Սփիւռքը շատ ու շատ բաներ ըրած է յանուն Հայաստանի ու այդ բոլորը շատ բնական ընթացքներ են... ու ճիշդ ալ չէ զաւակ-հայր յարաբերութեանց պարագային խօսիլ յիշեցնելներով, կամ «մուննաթ գալով»։ 

Անոնք որ ըրեր են, հասեր են, պայքարեր են, եւ նոյնիսկ նահատակուեր են, այդ բոլորը ըրած են համոզումով... ոչ պրաւոյի համար, ոչ ալ յիշուելու կամ ակումբի մը սենեակի անունին «տէր»ը դառնալու գաղափարով։

Իսկ այդ բոլոր եղածները, վստահ եմ, չեն եղած որ Արման Եղոյեանը կամ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը հրապարակաւ զիրար խայթեն ու վիրաւորեն։

Միւս կողմէ իշխանութեան համար ալ (անկախ բոլոր մակարդակի դաւադրական տեսութիւններէն) իրապէս տանելի չէ, երբ Սփիւռքի որեւէ կէտի մը մէջ իր առաջին դէմքին դէմ բողոքի ցոյցեր ըլլալէն անդին երթալով ինքնահաստատուիլ փորձող «քաղաքականացած երիտասարդներ»ը լոլիկ նետեն, հայհոյհեն կամ փորձեն գրոհել...։

Այս ալ խնդիր մըն է, որ անցնող տարիներուն տեսանք Նիկոսիոյ մէջ իր նախաճաշը հանգիստ կերպով ընող Սինանեանին դէմ եղած «գրոհ»էն մինչեւ Փարիզի կամ Մարսէյլի մայթերուն վրայ եղած «համահայկական խայտառակութիւններ»ը, կամ Վարդապետի մը կողմէ վարչապետի պաշտոնին վրայ եղող- Վարչապետին (ըսելաձեւերը ոչ այդքան կարեւոր են) անձին «գլուխը կտրել»ու մասին եղած կոչերը եւ գոռում-գոչումները։

Այնպէս, որ եթէ իշխանութեան խօսոյթը պիտի քննարկուի եւ ցոյց տրուի բացթողումը կամ համարձակութիւնը, պարտինք հաշուի առնել մմետալին միւս կողմը նոյնպէս ...

Իսկ ովքեր են Եղոյեանի կողմէ թիրախ դարձուածները, բոլորս շատ լաւ գիտենք, եւ դուն սիրելի Խաչիկ ապահով եմ, որ շատ լաւ գիտես...

Վստահ եմ, որ այս գրառման տակ եւս մարդիկ դարձեալ պիտի «տաքնան» ու թոյն թափեն...։

Այդ բոլորը ոչ մէկ կերպ կրնան փոխել իրականութիւնները։

Հ. Բարեւ Khatchik Derghougassian