image

Երեւանեան մանկապարտէզի մէջ երեխայի ինքնազգացողութիւնը վատացած է. Ան մահացած է հիւանդանոցի մէջ

Երեւանեան մանկապարտէզի մէջ երեխայի ինքնազգացողութիւնը վատացած է. Ան մահացած է հիւանդանոցի մէջ

Մանկապարտէզին մէջ երեխայի ինքնազգացողութիւնը վատացած է, մանկապարտէզի աշխատակիցները շտապօգնութիւն կանչած են. Այս մասին լրատուամիջոցներու հետ զրոյցին ըսած է Երեւանի քաղաքապետի մամուլի խօսնակ Հայկ Կոստանեան։

«Շտապօգնութեան ժամանմանը չսպասեցին, սեփական մեքենան տեղափոխեցին Արաբկիր բժշկական կեդրոն, որտեղ, ցաւօք, բժիշկները չկարողացան փրկել երեխայի կեանքը։ Քանի որ կայ յարուցուած քրէական գործ, չեմ կարող դէպքի մասին այլ մանրամասներ պատմել, չեմ կարող ասել՝ արդեօք երեխան ունեցել է առողջական խնդիրներ, թէ ոչ»:

Ինչ կը վերաբերի սպաննութեան յատկանիշներով յարուցուած վարոյթին, Հայկ Կոստանեան նշած է, որ Ներքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ երեխայի մարմնի վրայ նախնական տուեալներով բռնութեան հետքեր չկան։

Նշենք, որ թիւ 28 մանկապարտէզէն ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ «Արաբկիր» բժշկական կեդրոն փոխադրուած է 4 տարեկան երեխայ, որու կեանքը չեն յաջողած փրկել։