ԱՄՄ–ՀԵՄ Սկաուտական Շարժման երկրորդ բանակումը տեղի ունեցաւ 2026 թուականի Օգոստոս 3-7-ին, Յորդանանի քրիստոնէական եւ Սուրբ Գիրքի հետքերով հարուստ Մատապա քաղաքին մէջ՝ 60 մասնակիցներով, որոնցմէ 30-ը՝ Երուսաղէմէն ժամանած։
Երուսաղէմի ՀԵՄ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը (1937) եւ Ամմանի ԱՄՄ Ազգային Մարզական Միութիւնը (1955) ականատես են թէ Հայ ոգին վառ է սփիւռքի մէջ։
Երեք տարի առաջ, ՀԵՄ-ի եւ ԱՄՄ-ի զոյգ ակումբներու սկաուտական ղեկավարութիւնները յղացան միացեալ շարժում մը սկսելու հանճարեղ միտքով՝ փաստելով, որ քաղաքական սահմաններով հանդերձ, Երուսաղէմի եւ Ամմանի հայ համայնքները, ինչպէս արդէն՝ Եկեղեցին, կը մնան իրար շաղկապուած հարազատութեան ամուր թելերով։ Այս երիտասարդութիւնն է, որ վերականգնեց եւ նոր շունչ տուաւ մեր քոյր ակումբներու միասնական գործունէութեան։
ԱՄՄ–ՀԵՄ Սկաուտական Շարժման երկրորդ բանակումին ունեցանք նաեւ երկու մասնակիցներ Պէյրութէն եւ երկու մասնակիցներ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ Բանակումին տիրող խանդավառ մթնոլորտէն ոգեւորուած՝ Եգիպտոսի, Հալէպի եւ Իրաքի մեր քոյր ակումբներն ալ իրենց փափաքը յայտնած են մասնակցելու յաջորդ բանակումներուն։
Այստեղ մեր երիտասարդութեան նպատակը մէկ է՝ մնալ Հայ, ապրիլ որպէս Հայ եւ իրար փոխանցել սէր, յարգանք ու միասնականութիւն, անշուշտ եւ փորձառութիւն ու գիտելիքներ՝ յաջորդ սերունդները պատրաստելու, ապահովելու Ազգի շարունակականութիւնը։ Նման ոյժ արժանի է բոլորիս աջակցութեան եւ բարձր գնահատանքին։
Մարզական եւ մտային խաղերով, վայրի բնութեան մարտահրաւէրներով, արկածային մարզաձեւերով, ձեռային աշխատանքներով եւ հայկական մշակոյթի բազմաթիւ դրսեւորումներով հարուստ բանակումը կազմակերպուած էր ԱՄՄ-ի Սկաուտապետ Ընկեր Էտուարտ Քէչիճեանի, ՀԵՄ-ի Սկաուտապետ Ընկեր Յակոբ Ճռնազեանի եւ զոյգ սկաուտական յանձնախումբերու անդամներուն նուիրեալ ջանքերով։
Բանակումը աւելցուց բոլորին ինքնավստահութիւնը, բոցավառեց Հայ ոգու կայծը, զօրացուց բնութեան եւ Արարիչին հետ կապը, եւ միաժամանակ երիտասարդները պատրաստեց դիմագրաւելու կեանքի տարբեր փորձութիւններն ու մարտահրաւէրները։
Մեր զոյգ ակումբներու սկաուտները միասնաբար Հայ Ազգը գոյատեւելու համար, պիտի պահպանեն Ազգի նկարագիրը։ Բանակումները կստեղծեն ազգային գաղափարախօսութիւն, առանց գաղափարաբանութեան, համայնքը կը վերածուի հաւաքածոյի եւ շուտով կը Հայաթափուի։ Մեր արժեգները պիտի գիտակցինք որպէսզի ունենանք պահպանելու փափաքը։
Կոստան Զարյանը կ՚ըսէ. «Ցեղը գերազանցապէս ռիթմ է։ Ռիթմն է, որ ոգին գոյացման կը բերէ, ուղղութիւն կու տայ անոր, կը շեշտաւորէ զայն, կը ներդաշնակէ եւ, մանաւանդ, կը պահէ անոր մէջ այն տեւականը, այն անմիջականը եւ այն ինքնուրոյնը, որոնք կը կազմեն մարդու կամ ցեղի հոգեկան դիմագիծը»։
Այս մտքին վրայ կառուցելով՝ Գագիկ Գինոսեան կ՚ըսէ. «Երբ, հանգամանքներու բերումով, ցեղը՝ ազգը, կը կորսնցնէ իր կշռութային ինքնուրոյնութիւնը՝ այսինքն՝ իրեն յատուկ, զինք բնորոշող ռիթմը, կը վերածուի խառնածին բազմութեան․ բոլոր հոսանքներուն ենթարկուող եւ ոչ մէկ հոսանք ընդունող, բոլոր պարերը պարող, բայց մշտնջենապէս՝ անպար»։
Այսպիսի պատասխանատուութիւն շալկող եւ անշահախնդիր երիտասարդութեան ձեռքերուն մէջ է, որ կրնանք վստահիլ մեր Սփիւռքի գոյութեան ռիթմն ու ազգային նկարագիրը։
Ամրապնդելով մեր ներկայութիւնը, կարեւորելով մեր դերը պատմութեան ընթացքին եւ արժեւորելով Երուսաղէմի ու Յորդանանի միաձուլուած հայկական ժառանգութիւնը՝ կրնանք աշխարհին ներկայացնել Հայ Սփիւռքի հնագոյն եւ շարունակական պատմութիւնը։ Այս գիտակցութեամբ միայն կը կարողանանք Հայրենիքէն հեռու պահպանել մեր Ազգի մեծագոյն հարստութիւնը՝ մեր մշակոյթը, արժէքներն ու ազգային ժառանգութիւնը։
Յիշենք այստեղ բարձր գնահատանքի արժանի, Save the ArQ-ի կատարած հայապահպան եւ հայապաշտպան հերոսական աշխատանքը, ունենանք իրենց նախանձախնդրութիւնը մեր ժառանգի հանդէպ։
Կը մնանք շնորհակալ Յորդանանի Հաշիմական Թագաւորութեան հովանաւորութեան եւ աջակցութեան, որոնք նպաստած են թէ՛ Յորդանանի եւ թէ՛ Երուսաղէմի հայ համայնքներու գոյատեւման ու շարունակականութեան։
Մեր հարստութիւնը պաշտպանելով եւ տարածելով, կ՚ամրապնդենք Հայ ազգի պատմական դիրքն ու ներդրումը համաշխարհային արժեգներու, մշակոյթի եւ պատմութեան մէջ։
Բանակումի աւարտին տեղի ունեցաւ շքեղ խարուկահանդէս մը՝ փշաքաղեցնող եւ հզօր ֆանֆարի մուտքով։ Ներկաները միասնաբար վկայեցին մեր Հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու կամքին ու պայքարին՝ պահպանելու եւ շարունակելու Հայ Ազգը։
Խարուկահանդէսին ներկայ էին Հոգեշնորհ Տ. Տիրան Վրդ. Յակոբեան՝ Երուսաղէմի Պատրիարքարանի Միաբանութեան անդամ եւ Ամմանի Հայ Համայնքի Հոգեւոր Առաջնորդի ներկայացուցիչ, Մեծարգոյ Պր. Իւան տէօ Մէրսէյ՝ «SOS Արեւելքի Քրիստոնեաներու» կազմակերպութեան Յորդանանի եւ Պաղեստինի Առաքելութեան Պետը, ինչպէս նաեւ ՀԵՄ-ի, ԱՄՄ-ի եւ երկրին մէջ գործող տարբեր հայկական միութիւններու վարչական անդամներ ու ներկայացուցիչներ, անդամներ, համակիրներ, Երուսաղէմէն ժամանած ինչպէս եւ Ամմանի սկաուտներու ընտանիքները։
Ներկաները լեցուեցան հայեցի զգացումներով՝ տեսնելով Յորդանան գետի երկու ափերու քոյր ակումբներու միատարազ 60 սկաուտները։
Խարուկահանդէսը, որուն հաղորդավարութիւնն ստանձնած էին Ընկերուհիներ՝ Սարին Կէճէքուշեանը եւ Վիվիան Պետէւեանը, հարուստ էր ՀԵՄ-ի Ատենապետ՝ Ընկեր Սագօ Ճռնազեանի եւ ԱՄՄ-ի Ատենապետ Ընկերուհի Մարալ Ներսէսեանի խօսքերով, Ընկերուհի Արին Շարաֆի ասմունքային կատարողութեամբ, սկաուտներուն ժողովրդական պարերով, Գայլիկներուն ազգային երգերով, մետալներու եւ յուշանուէրներու բաշխումով, խարոյկի ջերմ բոցով եւ «Պահպանիչ»-ով։
Այս զոյգ համայնքներու յաջորդ աւանդական դարձած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յունուար ամսուան վերջին Կիրակի օրը՝ Յորդանան գետի երկու ափերու ուխտագնացութեամբ։





Մարալ Ներսէսեան
Ազգային Մարզական Միութեան Ատենապետ
Ամման, Յորդանան
25.08.2026