26 մայիսին Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն» Փակ բաժնետիրական ընկերութենէն 15 բուժառու՝ ուղեկցողներու հետ միասին, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ փոխադրուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։
Այս մասին յայտնած է ԱՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը։
12 բուժառուներ, որոնք պետական պատուէրի ծիրէն ներս ժամանակին ուղեգրուած էին ՀՀ բուժում ստանալու համար, ուղեկցողներուն հետ վերադարձած են Արցախ։ Տասնեակ բուժառուներ դեռ կը սպասեն իրենց տեղափոխութեան Հայաստանի Հանրապետութիւն:
«Արեւիկ» բժշկական միաւորումի մէջ 6 երեխայ կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունք: «Հանրապետական բժշկական կեդրոն» ՓԲԸ-ի մէջ 6 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, որոնցմէ 3-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։
ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բժշկական հաստատութիւններուն մէջ մասնակիօրէն վերականգնուած են ծրագրային հետազօտութիւնները եւ միջամտութիւնները։