ԼՂ–էն բռնի տեղահանուած կարիքաւոր ընտանիքներն աջակցութիւն պիտի ստանան մինչեւ դեկտեմբեր, որոշումն ընդունուած է ՀՀ կառավարութեան նիստի ժամանակ։
Նախագիծով կարիքաւոր ընտանիքներ կը դիտարկուին այն ընտանիքները, որոնց մէկ անդամի հաշուարկով ամսական եկամուտի չափը ցած է 55,000 դրամէն:
Նախատեսուող ամսական աջակցութիւնը կը կազմէ ընտանիքի առաջին բռնի տեղահանուած անդամի համար՝ 40,000 դրամ, սկսած ընտանիքի բռնի տեղահանուած երկրորդ անդամէն՝ ընտանիքի իւրաքանչիւր բռնի տեղահանուած անդամի համար՝ 10, 000 դրամ: