image
Հրատապ լուրեր:

Վենեզուելան բաց է բոլոր երկիրներու հետ համագործակցութեան համար. Տելսի Ռոտրիկես

Վենեզուելան բաց է բոլոր երկիրներու հետ համագործակցութեան համար. Տելսի Ռոտրիկես

Վենեզուելայի մէջ նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի՝ ամերիկեան ուժերու ձերբակալումէն ետք նախագահի պաշտօնակատար դարձած Տելսի Ռոտրիկեսը յայտարարած է, որ իրենք բաց են բոլոր երկիրներու հետ համագործակցութեան համար։

«Մենք անձնատուր պիտի չըլլանք ոչ մէկ յարձակման։ Մեր ձեռքերը մեկնուած են աշխարհի բոլոր երկիրներուն՝ անոնց հետ տնտեսական, առեւտրային եւ ուժանիւթային համագործակցութեան համար», - յայտարարած է ան ելոյթի ընթացքին, որ հեռարձակած է Telesur հեռուստաալիքը։

Միեւնոյն ժամանակ, Ազգային ժողովի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ ան յայտարարած է, որ երկիրը պատերազմի մէջ չէ եւ պատրաստ է զարգացնելու տնտեսական կապերը։

«Վենեզուելան պատերազմի մէջ չէ։ Վենեզուելան խաղաղ երկիր է, որ յարձակման ենթարկուած է միջուկային տէրութեան կողմէ», -ըսած է Ռոտրիկեսը։

Ան յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները ինք հրաժարած է հարաւամերիկեան հանրապետութեան հետ առեւտրային յարաբերութիւններէն, իսկ աւելի ուշ յարձակում կատարած է անոր դէմ։ «Ան, որ հրաժարեր է մեր հետ համագործակցութենէ, յարձակեր է մեր վրայ», - նշած է ան։