Իրան կը պատրաստուի պատասխան հարուած հասցնելու Իսրայէլին։
Reuters գործակալութեան այդ մասին ըսած է իրանցի պաշտօնեան, որու անունը չէ նշուած։
«Իրան կը պատրաստուի պատասխան հարուածի՝ ի պատասխան Իսրայէլի յարձակման»,-ըսած է պաշտօնեան՝ շեշտելով, որ «պատասխանը պիտի ըլլայ ջախջախիչ»։
Աւելի վաղ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Իսրայէլ կանխարգելիչ հարուած հասցուցած է Իրանին՝ Իսրայէլին սպառնացող վտանգը չէզոքացնելու համար։ Իրանեան լրատուամիջոցներն ալ յայտնած են Թեհրանի, Սպահանի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ պայթումներու մասին։