image

Վազգէն Սիսլեան Պատասխանեց Տաւութօղլուի Յայտարարութեան

Վազգէն Սիսլեան Պատասխանեց Տաւութօղլուի Յայտարարութեան

«Բոլորին համար գաղտնիք չէ, որ  վաղ 80-ականներուն  ԱՍԱԼԱ-ն եւ  PKK-ն (ՔԱԿ) համագործակցած են: Այդ մասին պատմական փաստեր կան, մամլոյ հաղորդագրութիւնններ կան, կան նոյնիսկ յայտարարութիւններ, բայց այսօր PKK-ի եւ ASALA-ի միջեւ որոշ յարաբերութեան մը մասին տեղեկութիւններ չունիմ»: «Արեւելք»-ին յայտնեց ԱՍԱԼԱ-ի  անդամ, նախկին քաղբանտարկեալ Վազգէն Սիսլեան: Սիսլեան նաեւ նշեց, որ երբեք չի զարմանար Թուրքիոյ վարչապետի կատարած յայտարարութեան առընթեր: Ան այս առումով ըսաւ. «Երբեք չեմ զարմանար, եթէ Թուրքիա ԱՍԱԼԱ-ի անունը օգտագործէ, եւ ըսէ օրինակ, որ ISIS ստեղծուած է ASALA-ի կողմէ: Թրքական իշխանութիւններու այս մօտեցումները նորութիւն չեն մեզի համար»: