Ուքրանական ճգնաժամի կարգաւորման հարցով Հռոմի պապի բանագնաց, կարտինալ Մաթէօ Ձուփփի, որ այս շաբաթ այցելած էր Մոսկուա, il Resto del Carlino թերթին ըսած է, որ Վատիկանը հակամարտութեան վերջ տալու համար բանակցութիւններ սկսելու սեփական ծրագիր չունի:
«Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսի գլխաւորութեամբ եւ անոր հետ մօտ օրերս մենք պիտի անդրադառնանք մեր լսածին: Այդ իսկ պատճառով դեռ չունինք նախագիծ, որ կրնայ նպաստել բանակցութիւններու մեկնարկին: Մենք շատ շահագրգռուած ենք մարդասիրական խնդիրները լուծելու եւ անմեղներու կեանքը պաշտպանելու գործով»,-ըսած է կարդինալը։
Ան նշած է, որ չկայ խաղաղութեան ծրագիր եւ միջնորդութիւն, կայ մեծ ցանկութիւն՝ ապահովելու, որ բռնութիւնը դադարի եւ կեանքեր փրկուին։