image
Հրատապ լուրեր:

Վատիկան, Ժընեւ, Պոլիս, թէ Ռիատ. Մամուլը կը գրէ Փութին-Զելենսքի հանդիպման հաւանական վայրին մասին

Վատիկան, Ժընեւ, Պոլիս, թէ Ռիատ. Մամուլը կը գրէ Փութին-Զելենսքի հանդիպման հաւանական վայրին մասին

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի գրասենեակի ղեկավար՝ Անտրէյ Երմաքը, Վատիկանը, Ժընեւը, Իսթանպուլը եւ Սէուտական Արաբիան նշած է որպէս հնարաւոր վայրեր՝ Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի՝ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպման համար։ Անոր խօսքով՝ Պուտապեշտը, որուն մասին վերջին օրերուն եւս խօսուած է, նախընտրելի չէ։

«Corriere della Sera» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Երմաք պնդած է, որ նախ նախատեսուած են Փութինի եւ Զելենսքիի միջեւ բանակցութիւններ, ապա անմիջապէս եռակողմ գագաթաժողով՝ Թրամփի մասնակցութեամբ։

«Մենք տակաւին չենք գիտեր, թէ ուր պիտի կայանայ այդ հանդիպումը։ Ցանկին մէջ տարբեր վայրեր կան՝ Ժընեւ, Իսթանպուլ, Վատիկան, Սէուտական Արաբիա։ Պուտապեշտը, անշուշտ, յիշատակուած է 1994-ի չկատարուած համաձայնագրի պարունակին մէջ, բայց այդ վայրը նախընտրելի չէ»,– ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Մոսկուան որպէս հանդիպման վայր ընդհանրապէս չէ քննարկուած։

Երմաք նաեւ յոյս յայտնած է, որ Չինաստանը կրնայ ներգրաւուիլ կարգաւորման գործընթացին մէջ։ «Այս պահուն Փեքինը չի մասնակցիր բանակցութիւններու նախապատրաստման, բայց ես յոյս ունիմ, որ շուտով այդ տեղի պիտի ունենայ»,– նշած է ան։

Երմաքի խօսքով՝ տարածքներու հարցը պիտի քննարկեն միայն առաջնորդները։ Ան ընդունած է, որ ուքրանական զօրքերը ի վիճակի չեն վերադարձնելու կորսուած շրջանները։

«Մենք պէտք է բանակցինք՝ հիմնուելով ներկայ շփման գծին վրայ։ Մենք հաշուի կ՚առնենք գոյութիւն ունեցող իրողութիւնները եւ պիտի քննարկենք զանոնք»,– ըսած է Զելենսքիի գրասենեակի ղեկավարը՝ կրկնելով, որ Ուքրանիան մտադրութիւն չունի հրաժարելու իր տարածքներէն։