Հալէպի Հայ Մարմնամարզական Միութեան (ՀՄՄ) նախաձեռնութեամբ, երէկ Հալէպի մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ մը վառուած են Հալէպի տօնածառի լոյսերը: Այս մասին լուրը կը հաղորդէ Հալէպի մասին լուրեր փոխանցող դիմատետրեան էջեր:
Նշենք, որ տօնածառը կը գտնուի Ազիզիյէ հայահոծ շրջանին մէջ եւ բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են համայնքային գործիչներ, ինչպէս նաեւ տեղացի բարձրաստիճան պատասխանատուներ:
Յայտենք, որ Սուրիոյ պատերազմի առաջին տարիներուն դադրած էր այդ աւանդոյթը, սակայն 2016 թուականէն սկսեալ հալէպահայեր վերականգնած էին այս գեղեցիկ աւանդոյթը:
Հանդիսութեան նաեւ տեղի ունեցած է գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, ուր հնչած են նոր տարուան եւ Սուրբ ծննդեան երգեր եւ բարեմաղթանքներ: