Արցախի ԱԺ նախկին պատգամաւոր, «Միացեալ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Վահան Բադասեանը կալանաւորուած է:
Տեղեկութիւնը ՀԺ-ի հարցին ի պատասխան յայտնած է Բադասեանի պաշտպան Արայիկ Պապիկեանը:
Բադասեանը կը մեղադրուի ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածով (Իշխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչերը): Առաջադուած մեղադրանքին մէջ ան իրեն մեղաւոր չի ճանչնար:
Յիշեցնենք, որ երէկ Եռաբլուրի մէջ Վահան Բադասեանը ֆիզիքական ոչնչացման սպառնալիքներ հնչեցուցած էր վարչապետի հասցէին՝ Նիկոլ Փաշինեանին որակելով «թշնամի».
«Թշնամուն մենք պէտք է վերացնենք: Այո՛, զէնքի միջոցով նաեւ: Այո՛, ես սպառնալիքի կոչեր եմ անում եւ գիտակցաբար եմ անում, թող ԱԱԾ-ն ինձ ձերբակալի»,- լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած էր ան: