image

Բանակի հրամանատար Միքայէլ Արզումանեանի կալանքի միջոցը փոխուեցաւ

Բանակի հրամանատար Միքայէլ Արզումանեանի կալանքի միջոցը փոխուեցաւ

Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, զօրավար հազարապետ Միքայէլ Արզումանեանի խափանման միջոց կալանքը փոխարինուեցաւ տնային կալանքով։

Որոշումը կայացուցած է ՀՀ հակափտածութեան դատարանի դատաւոր Վարդգէս Սարգսեանը, գրած է պաշտպան Երեմ Սարգսեանը։

Միքայէլ Արզումանեանը կալանաւորուած էր արդէն 3 տարի։

44-օրեայ պատերազմի օրերուն Արցախի պաշտպանութեան բանակը ղեկավարած Միքայէլ Արզումանեանին մեղադրանք առաջադրուած է Շուշիի եւ յարակից շրջաններու պաշտպանութեան կազմակերպման ընթացքին զինուորական պաշտօնէական անփութութեան համար։

Նախկին բարձրաստիճան զինուորականը, ըստ Քննչական կոմիտէի, պատերազմի վերջին տասը օրերուն՝ Շուշիի պաշտպանութեան ընթացքին, անփոյթ վերաբերմունք դրսեւորած է իր ծառայողական պարտականութիւններուն նկատմամբ, որուն հետեւանքով հակառակորդի զինուած ուժերը ամբողջութեամբ իրենց վերահսկողութեան տակ վերցուցած են քաղաքն ու մատոյցները, հայկական կողմը ունեցած է զոհեր եւ վիրաւորներ։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ Արզումանեանը չէ յանձնարարած զօրք տեղակայել Շուշիի պաշտպանական բնագիծի չպահուող հատուածին այն պարագային, երբ իր ենթակայութեան տակ ունեցած է համապատասխան ներուժը, որոնց մէջ՝ 650 զինծառայողներէ բաղկացած կանոնաւոր բանակի ստորաբաժանումներ։

Իրաւապահներու պնդմամբ, մինչեւ 2020-ի 6 Նոյեմբերը Արզումանեանի ստորագրութեամբ ամփոփագիրներուն մէջ իրադրութիւնը ներկայացուած է վերահսկելի, մինչդեռ 5 Նոյեմբերին հակառակորդի խումբերը արդէն յաջողած էին ներթափանցել Շուշի։