image

Twitter կը պատժէ «Գորշ գայլեր»ը

Twitter կը պատժէ «Գորշ գայլեր»ը

Twitter-ը հեռացուցած է թուրք ազգայնականներու առաջնորդ՝ Տեւլեթ Պահչելիի թուիթը՝ սպառնալիքներու վերաբերեալ իր քաղաքականութիւնը խախտելու պատճառով:

Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (ԱՇԿ) առաջնորդ, Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի խորհրդարանական դաշինքի գործընկերը գրած է, որ Էրտողանի կողմէ, երկրի ամենահեղինակաւոր համալսարաններէն մէկուն ռեկտորի պաշտօնին ԱԶԿ (Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւն) համախոհ նշանակելուն դէմ բողոքող ցուցարարները «թունաւոր օձեր են, որոնց գլուխները պէտք է ճզմել»:

ԱՇԿ-ն յայտարարած է, որ Twitter-ը «սահմանափակած է Պահչելիի քանի մը հաղորդագրութիւններու հրապարակումը՝ Պողազիչի համալսարանի առջեւ նողկալի ցուցացարարներու դէմ անոր բողոքին կապակցութեամբ»:

«Twitter-ի ետեւը կանգնած ուժերը» որոշած են «աջակցիլ անոնց, որոնք ցոյցեր ըրած են Պողազիչի համալսարանի առջեւ եւ շփումներ ունեցած են ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ»,- նշուած է կուսակցութեան հաղորդագրութեան մէջ: