image

Թրամփ պատմած է, թէ ինչպէս հետեւած է Մատուրոյի ձերբակալման

Թրամփ պատմած է, թէ ինչպէս հետեւած է  Մատուրոյի ձերբակալման

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Fox News հեռուստաալիքի եթերով պատմած է, որ հետեւած է Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի եւ անոր կնոջ գիշերային ձերբակալման, կարծես «տառացիօրէն հեռուստատեսային շոու կը նայէի»։

«Եթէ տեսնէիք արագութիւնը, բռնութիւնը, ցնցող էր»,-ըսած է Թրամփը։ Ան գովաբանած է իր խումբը կատարած «անհաւանական աշխատանքի» համար եւ աւելցուցած է, որ «ոչ մէկ այլ երկիր Երկրի վրայ չէր կրնայ նման հնարագիտութիւն կատարել»։

Անոր խօսքով՝ Մատուրոն եւ անոր կինը ուղարկուած են Նիւ Եորք։

ԱՄՆ նախագահն աւելցուցած է, որ անոնց ներկայացուած են մեղադրանքներ Նիւ Եորքի մէջ, եւ անոնք պիտի ուղարկուին նահանգ ուղղաթիռով եւ նաւով։

Անոնք շատ մարդիկ եւ շատ ամերիկացիներ սպանած են, անգամ մարդիկ իրենց սեփական երկրին մէջ»,-ըսած է  Թրամփը։