image

Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան եւ իր անկորնչելի վաստակը. Գրեց՝ Լեւոն Շառոյեան

Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան եւ իր անկորնչելի վաստակը. Գրեց՝ Լեւոն Շառոյեան

Լիբանանեան Յուշատետր.-

Աւելի քան երկու տասնամեակ առաջ, երբ գրական-հայագիտական պարբերականներու մէջ քանի մը «կծու» գրախօսականներ կարդացեր էի տոքթ. Արմենակին ստորագրութեամբ, ինկեր էի այն նախնական տպաւորութեան տակ՝ թէ ենթական խոժոռադէմ, խստադատ ու թերեւս ալ ոչ-ընկերային անձնաւորութիւն մըն էր։ 

Թի՜ւր կարծիք։

Տարիներ անց, երբ պատեհութիւնն ունեցայ շարունակ նամակցելու իրեն հետ ու այնուհետեւ ալ՝ անձամբ թօթուելու իր ձեռքը, պարզուեցաւ, որ իմ դիմաց կար աշխարհի ամէնէն… քաղցր եւ անուշ մարդոցմէ մին։ Վերին աստիճանի յարգալիր, մի՛շտ ժպտադէմ, ծառայակամ ու ընկերասէր։

Հիմա, երբ Պէյրութ եմ, ահաւասիկ դա՛րձեալ պատեհութիւնն ստեղծուեցաւ մէկտեղուելու տոքթորին հետ, որ, ի դէպ, արդէն բոլորած է իր 83-րդ գարունը, սակայն այն տպաւորութիւնը կը թողու իմ վրայ, թէ տակաւին… վաթսուն տարեկան է։ Իր մտքին պայծառութիւնը նախանձ կը շարժէ, իսկ իր առօրեայ աշխատանքային կարգապահութիւնը կրնայ օրինակ ծառայել բոլորիս, մեծին ու փոքրին հաւասարապէս։ 

Տոքթորը, ընդհանրապէս, դուրս չի գար իր բնակարանէն։ Գիրքերու ու բառարաններու դէզերուն վրայ հակած՝ ան շաբաթը երկու անգամ համացանցային խիստ շահեկան յօդուածներ կը յղէ իր հարիւրաւոր ընթերցողներուն։ Չորեքշաբթի օրերը՝ «Հայերէնը կը զուարճանայ», իսկ Կիրակի օրերը՝ «Կիրակնօրեայ զրոյցներ»։ Ուսուցողական այս գրութիւններով՝ տոքթորը կարծէք հրապարակային լսարան մը բացած է իր հաւատարիմ հետեւորդներուն համար, հիմնական նպատակ ունենալով հայերէնի քերականական ու ոճային խորթութիւններուն սրբագրութիւնը։

Համբուրելի՜ աշխատանք է ասիկա, զոր իրմէ առաջ կատարեր են Հ. Արսէն Ղազիկեանը, Բենիամին Թաշեանը ու քանի մը ուրիշներ։ 

Անմիջապէս յայտնեմ, որ տոքթորը հարազատ ճեմարանցի է. թէ՛ ինք եւ թէ՛ իր չորս զաւակները շրջանաւարտ են Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանէն։ Ասպարէզով՝ ատամնաբոյժ է։ Մաս կազմած է Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան՝ լման 15 տարի (1983-1998)։

Շատ կանուխէն սկսեր է հետաքրքրուիլ մեր լեզուին պատմութեամբ, արմատներով, Այբուբենի ստեղծումին պարագաներով, բայց մա՛նաւանդ հայերէնի քերականութեամբ եւ ոճային նրբութիւններով։ Խորացած է այս մարզին մէջ արագօրէն։ Քաջ գրաբարագէտ է նաեւ։ Կրնանք անվարան պնդել, թէ ան, այսօր, արեմտահայերէնի 2-3 հմուտ ու ամենաձեռնհաս մասնագէտներէն մին է բովանդակ սփիւռքի տարածքին։

Տոքթ. Արմենակին հետ խօսեցանք ու զրուցեցինք երկա՜ր-երկա՜ր, առանց ձանձրանալու, առանց կշտանալու մէկզմէկէ։

Մեր հիմնական «օրակարգ»-ը, ինչպէս միշտ, հայոց լեզուն ճիշդ գրելու, նախադասութիւնները ճիշդ կազմելու հարցն էր։ Ինք դժգոհ էր մա՛նաւանդ հայ մամուլին պարզած լեզուական թափթփածութենէն եւ անկումէն։ Ողբալի վիճակը բառնալու կամ դարմանելու համար ալ, ահա՛, տոքթորը գրի առած էր ԿՈԹՈՂԱՅԻՆ եւ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ աշխատասիրութիւն մը, որ կը կոչուէր «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական եւ ոճաբանական ուղեցոյց»։ Ընդարձակածաւալ գործ մը, որ կը բաղկանայ 850 էջէ։ Տակաւին տպագիր չէ անիկա, սակայն վերջերս Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը գիրքի ձեւով էջադրած է զայն ու տեղադրած «Նայիրի» բառարաններու համացանցային կայքէջին մէջ, այսինքն՝ զայն մատչելի դարձուցած է ամէն ոքի։

 Տոքթորին այս գործը իր բազմազան ենթաբաժանումներով ու մանրամասնութիւններով խելքի պտոյտ կը պատճառէ մեզի։ Ան, մասնաւորաբար, յստակ լուծումներ կը բերէ քերականական երկուութիւններուն, տասնամեակներ շարունակ առկախ թողուած լեզուական շփոթութիւններուն, քերականութեան դասագիրքերէն դուրս մնացած ինչ-ինչ հարցումներու։ Երկարօրէն կը խօսի նաեւ ոճաբանութեան մասին. ի՞նչ է պարզ ոճը, ի՞նչ է զարդարուն ոճը, ի՞նչ ըսել է «ճոռոմաբանութին» եւ այլն, եւ այլն։

Անկորնչելի գործ մը կտակեց տոքթորը իր յետնորդներուն։

Արեւմտահայերէնը երախտապա՛րտ է իրեն։

«Նոր Յառաջ»/Փարիզ

sharoyanlevon@gmail.com

(Անթիլիաս) ■