image

Տոնպասի մէջ մարտեր են

Տոնպասի մէջ մարտեր են

Տոնպասի Միխայլովկա (Զոլոտոէ -5) գիւղին մէջ մարտեր սկսած են Ուքրանիոյ զինուած ուժերու եւ ինքնահռչակ Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութեան ժողովրդական միլիցի զինուած ուժերու միջեւ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը` յղում տալով աշխարհազօրայիններու նախկին պաշտօնական ներկայացուցիչ Անտրէյ Մարոչկոյին:

Ան տեղադրած է տեսանիւթ, որուն մէջ տարբեր զէնքերէ աշխոյժ կրակոցներ կը լսուին: Մարոչկոյի խօսքերով ՝ Ուքրանիոյ զինուած ուժերը կ'օգտագործեն հրազէն ու ականանետեր, իսկ գնդակոծման գօտիին վրայ դպրոց կայ:

«Տեղի բնակիչները կը գրեն, որ շատ փամփուշտներ կը հասնին տուներու պատերուն»,-գրած է ան:

Ըստ ինքնահռչակ հանրապետութեան իշխանութիւններու ՝ վիրաւորուած է մէկ աշխարհազօրային: