Ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը 3 յունուարին, նախորդ օրուան համեմատ աճած է 1.12 դրամով եւ կազմած է 394.69 դրամ: Այս մասին կը տեղեկանանք Կեդրոնական դրամատան պաշտօնական կայքէն:
Եւրոյի եւ ռուբլիի փոխարժէքները նուազած են: Եւրոն նուազած է 4.45 դրամով եւ կազմած է 415.61, ռուբլին նուազած է 0.02 դրամով եւ կազմած է 5.57 դրամ: Բրիտանական ֆունտի արժէքը եւս նուազած է, այն կազմած է 470.00 դրամ: Նախորդ օրուան համեմատ փոխարժէքը նուազած է 4.13 դրամով: