image

Ծուլութիւնը յաղթահարել

Ծուլութիւնը յաղթահարել

   Անխտիր բոլորս ունինք նպատակներ, որոնց կ՚ուզենք հասնիլ մեր կեանքի տեւողութեան։ Այս պատճառով մեր կեանքը առաջնային կը դառնայ եւ երբեմն մենք ետ կը մնանք այդ նպատակներէն։ Շատ բաներ կը յետաձգենք եւ, ի վերջոյ կը կորսնցնենք մեր յոյսը՝ նպատակները իրականացնելու։ 

 

Ծուլութիւնը աւելի շատ հոգեկան առողջութեան խնդիր մը կարելի է համարել։ Ան կրնայ յառաջանալ ինքնավստահութեան, կարգապահութեան, հաւատքի կամ հետաքրքրութեան պակասի պատճառով։ Այն վարքագիծերը, ինչպէս՝ անվճռական ըլլալը կամ յետաձգելը, ծուլութեան նշաններ են։ 

 

Յետաձգման եւ ծուլութեան վերջ տալը, ըստ ճաբոնական «Քաիզէն» թեքնիքին, այդքան ալ դժուար չէ։ Ի հարկէ, երբ գործի մը կը ձեռնարկենք, սկիզբին լաւ տրամադրուած կ՚ըլլանք ու եռանդով եւ վճռականութեամբ կը յառաջանանք դէպի նպատակի իրականացում։ Երբեմն այս ճանապարհին դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուինք եւ կ՚ըսենք, թէ բաւական ճնշած ենք մենք մեզ, փորձած ենք կարելին եւ կը շարունակենք։ Մի գուցէ կը կարծենք, թէ շատ արագ կ՚ընթանանք կամ արդիւնքները այդքան ալ արագ չենք կրնար քաղել։

 

Եթէ մեր կեանքի մէջ այս կրկնութիւնները յաճախակի են, պէտք է հարցնենք, թէ ինչո՞ւ սա անընդհատ կը կրկնուի։ Հին սովորութիւնները նորերով փոխելը դիւրին չէ եւ անծանօթ պարտաւորութիւններ ստանձնելը կրնայ մեզ յոգնեցնել։ Այնուհետեւ, սովորական նպատակներուն ու մտածումներուն հաւատարիմ մնալը աւելի յարմար ու դիւրին կը թուի։ 

 

Ճիշդ այստեղ ճաբոնական մշակոյթի «Քաիզէն» թեքնիքը կը յայտնուի խաղի մէջ։ Վերջերս ինքնազարգացման այս «վայրկենական սկզբունք»ը սկսաւ ուշադրութիւն գրաւել, քանի որ անոր արդիւնքները աւելի տեսանելի դարձան աշխարհի վրայ։ Այս մեթոտի հիմնական սկզբունքն է, թէ անձ մը վայրկենուայ մը համար գործ մը կը կատարէ եւ զայն նոյնպէս կը կրկնէ ամէն օր։ Սա բաւական դիւրին կը թուի, չէ՞։ 

 

Ծուլութիւնը խնդիր չէ, այս մեթոտը կը պահանջէ նոյն գործը ընել ամէն օր ընդամէնը վաթսուն վայրկեան։ 

 

Մարզանք ընելու կամ օտարալեզու գրութիւն մը կարդալու նման գործերով պահ մը տրամադրուեցէք՝ վայելելով ամէն մէկ րոպէն։ Գաղափարը այն է, որ կարենաք շարունակել ձեր նպատակադրած գործը իրականացնել միւս օրերուն։ 

 

Երբեմն ձախողելու վախը մեզ կը խանգարէ, բայց եթէ իսկապէս ուզենք ապրիլ, պէտք չէ յուսահատիլ եւ յանձնուիլ։ Կրնանք լուծել վստահութեան խնդիրը եւ ազատիլ անյուսութենէ։ Յաղթանակի զգացումը յառաջ կը մղէ։ 

 

Ձեր նախընտրած գործին վրայ ամէն օր վայրկեան մը աշխատելէ յետոյ կը կարողանաք քանի մը շաբթուայ ընթացքին աւելցնել ձեռք բերուած սովորութեան տեւողութիւնը։ Հետզհետէ կը հասնիք մինչեւ 5, 10, 30 կամ նոյնիսկ 60 վայրկեանի։ Ի վերջոյ կը շարունակէք այս վարժութիւնը եւ կը զարմանաք, թէ ինչպէ՛ս կրնայ մէկ վայրկեանը փոխել ձեր կեանքը։ 

 

«Քաիզէն» ճաբոնցի Մասաաքի Իմաիի կողմէ յօրինուած է եւ բառը ունի երկու արմատ. «քաի» կը նշանակէ փոփոխութիւն, իսկ «զէն»՝ լաւ։ Իմաին կը նշէ, որ երկու բառերու միացումը կը նշանակէ «զարգացում՝ աւելի լաւ ուղղութեամբ» եւ կ՚աւելցնէ, թէ «Քայզէն»ի ուղերձը նաեւ այն է, որ ձեր կեանքի մէջ օր մը չանցնի առանց որեւէ յառաջընթացի։

 

Շատ կարեւոր է ինքնակամօրէն ձեզ մղել այս մեթոտի կիրառման համար, բայց ձեր նպատակները նոյնպէս պէտք է հասանելի ըլլան։ Իմաին եւ այս ոլորտի իր գործընկերները կ՚ըսեն, թէ փոքր մարտահրաւէրները երբ զուգակցուին շարունակական ջանքերու հետ, աւելի շատ արդիւնք կու տան եւ կը յանգեցնեն նաեւ անհատական զարգացման։ «Քաիզէն»ը մեթոտ մըն է, որ բոլորս կրնանք փորձել եւ օգուտ քաղել անկէ։ Մեզի կը մնայ միայն ծրագիր կազմել, նպատակ մը որոշել եւ հետեւիլ անոր։

 

Պիանքա Սարըասլան

«Ժամանակ»/Պոլիս