image

Ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող զինուորին մօտ կայունութիւն կայ

Ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող զինուորին մօտ կայունութիւն կայ

Վիրաւորում ստացած զինծառայողներու առողջական վիճակի վերաբերեալ ունինք որոշակի դրական տեղաշարժ։ Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանը։

«Երէկ կայունացում ենք ունեցել ծայրայեղ ծանր վիճակում գտնուող զինծառայողի մօտ, ինչը շատ լաւ է եւ յուսով ենք` ապաքինումը դրական ընթացքով պէտք է լինի»,-ըսած է ան։

Աւանէսեանը նշած է, որ վիրաւորում ստացած միւս 5 զինծառայողներու մօտ եւս որոշակի դրական տեղաշարժ կայ։

«Այցելել եմ նրանց, շուտափոյթ ապաքինում են նրանց մաղթել եւ հետաքրքրուել եմ նրանց առողջական վիճակի մասին»,- աւելցուցած է նախարարը։

Նախարարը նշած է նաեւ, որ զինուորական կացարանի հրդեհի հետեւանքով այուածքներ ստացած եւ բուժում ստացող զինուորներու վիճակը եւս բաւարար է, անոնք երկարատեւ բուժման ընթացքի մէջ են։

Լրագրողները նաեւ հետաքրքրուած են՝ քովիտի չարաշահումներու գործով իրեն հարցաքննա՞ծ են, թէ՞ ոչ, Աւանէսեանը բացասական պատասխան տուած է։