Երէկ ծանր պայթումներու ձայներ լսուած են Հալէպի մերձ: Այս մասին «Արեւելք» ստոյգ տեղեկութիւններ ստացաւ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ ահաբեկիչ զինեալներ ականած են դէպի Հալէպի Խալտիյէ եւ Ալ Զահրաա շրջանը փորուած գետնուղի մը եւ պայթեցուցած են զայն: Պայթումներուն հետեւանքով զոհեեր չկան: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ պայթումէն անմիջապէս ետք ահաբեկիչ զինեալներ գրոհի անցած են նպատակ ունենալով հատել սահմանային գիծը եւ թափանցել Հալէպի այն հատուածները, որ կը գտնուին Սուրիոյ բանակի տիրապետութեան տակ: Կը հաղորրդուի, որ բանակի հակահարուածէն ետք զինեալները հեռացած են շրջանէն կրելով մարդկային եւ զինուորական ծանր վնասներ: