Ինչպէս ամբողջ աշխարհի, նոյնպէս ալ Ժընեւի մէջ այսօր նշուած է Ծաղկազարդի տօնը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Ժընեւի Ազգային մարմիններէն։
Մեր տուեալներով մեծ խանդավառութեամբ տօնախմբուած է Ծաղկազարդի Տօնը Սուրբ Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ բազմաթիւ մանուկներու եւ անոնց ծնողներու մասնակցութեամբ։ Առաջնորդական Տեղապահ՝ Տ. Գուսան Վարդապետ Ալճանեան, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին նախ կատարած է Դռնբացէքի արարողութիւնը եւ ապա Մանուկներու օրհնութեան Կարգը։