image
Հրատապ լուրեր:

Տիարպէքիր. Վեց Երեխաներ Հրկիզուած Են «Քուրան» Դասաւանդող Դպրոցէն Ներս՝

Տիարպէքիր. Վեց Երեխաներ  Հրկիզուած Են   «Քուրան» Դասաւանդող Դպրոցէն Ներս՝

Տիարպէքիր- («Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիւզ»-Պոլիս)- Ողբերգական դէպք  պատահած է Տիրապէքիրի  մէջ, ուր վեց երեխաներ, որոնք կը յաճախէին տեղւոյն Քարաաղաչ գիւղին մէջ գործող կրօնական դպրոցը, 1 Դեկտեմբերի գիշերը իրենց հանրակացարանէն ներս ելեքդրականութեան հոսանքի խախտման պատճառով սկիզբ առած հրդեհի զոհ դարձած են, այս մասին կը տեղեկացնէ «Հիւրրիյէթ»ը: Աղբիւրը կը նշէ, որ  երեխաները,  որոնք եղած են  8-16 տարեկանի մէջեւ, մահացած են քնացած վիճակի մէջ, երբ կրակը սկիզբ առած էր առաւօտեան ժամը 2:40-ին: Անոնք գտնուած են  նոյն սենեակին մէջ, երբ միջադէպը տեղի ունեցած է, ինչպէս կը պատմուի, անոնցմէ մէկը կրցած էր սենեակէն դուրս գալ եւ պատշգամբէն փորձել տեղեկացնել հրդեհի մասին իրենց մօտակայ ապրող դրացիներուն, սակայն աւելի ուշ ան եւս մահացած է: Անոր հինգ սենեակակիցները նոյնպէս յայտանբերուած են մահացած պատշգամբի դռան մօտ:Թուրքիոյ կրօնական մարմնի գլխաւոր առաջնորդ՝ Մեհմետ Կիւրմէզ, 3 Դեկտեմբերին  երեխաներու յուղարկաւորութեան ժամանակ յայտարարած է, որ «Մեր միակ մխիթարութիւնը այն է, որ այս երիտասարդները նահատակ դարձան» նկատի ունենալով, որ անոնք կրօնից աշակերտներ էին: Ան շարունակելով ըսած է նաեւ, թէ «Ցաւօք, այլ երիտասարդներ, որոնք նոյնպէս ներուժ ունին իրենց ապագայ ուսման համար, թողած անցած են  լեռները , իրենց եղբայրներուն սպաննութեան նպատակով», մատնանշելով «Քիւրտ Աշխատաւորներու Կուսակցութիւն»ը (PKK), որ կը գործէ  արեւելեան  նահանգներու  լեռնային շրջաններուն մէջ: