image

Թուրքիոյ մէջ զոհերու թիւը մօտեցաւ 30 հազարի

Թուրքիոյ մէջ զոհերու թիւը մօտեցաւ 30 հազարի

Կիրակի օր Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքի մէջ տեղի ունեցած հզօր երկրաշարժի զոհերու թիւը հասած է 29 605-ի, յայտնած է ԹԱՍՍ-ը՝ վկայակոչելով Արտակարգ իրավիճակներու վարչութիւնը։

«Մահացածները 29 605 են։ Երկրաշարժէն տուժած տարածքներէն մեր 147 934-ը քաղաքացիներ տարհանուած են այլ մարզեր», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ փետրուար 6-ի առաւօտեան 7,7 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Մարաշ քաղաքի մերձակայքին մէջ գտնուող Պազարճիկ շրջանին մէջ տեղական ժամանակով 04:17-ին։ Հաշուարկուած է մօտ 42 յետցնցում, որոնցմէ ամենազօրաւորի ուժգնութիւնը կազմած է 6,6։ Աւելի ուշ 7,5 ուժգնութեամբ եւս մէկ երկրաշարժ գրանցուած է։

Թուրքիոյ մէջ եօթնօրեայ սուգ յայտարարուած է։