image

Թուրքիոյ մէջ. Կազային հանգոյցի փուլը իր աւարտին է

Թուրքիոյ մէջ. Կազային հանգոյցի փուլը իր աւարտին է

Թուրքիոյ տարածքին միջազգային կազային հանգոյցի ստեղծման աշխատանքները մտած են եզրափակիչ փուլ։ Առաջին առեւտրային գործընթացը կը նախատեսուի կայացնել այս տարի՝ 2023 թուականին։

Ինչպէս յայտնած է ԹԱՍՍ-ը, այս մասին ըսած է  Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տոնմեզը:

«Թուրքիոյ մէջ բնական կազի բաշխման եւ առեւտուրի կեդրոնի ստեղծման աշխատանքները կը մօտենան աւարտին: Մենք կը պատրաստուինք առաջին առեւտրային գործողութիւնն իրականացնել արդէն այս տարի»,- ըսած է նախարարը:

Տոնմեզը յայտնած է, որ կեդրոնի ստեղծման նախագծի իրականացման մասնակցելու վերաբերեալ բանակցութիւններ վարուած են շարք մը երկիրներու հետ։

«Բոլոր պետութիւններու ներկայացուցիչները, որոնց հետ մենք քննարկած ենք այդ հարցը, յայտարարած են նախագիծին աջակցելու իրենց պատրաստակամութեան մասին»,- ըսած է ան։