image

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ առաջարկած է իր տարածքին մէջ ռազմակայան ստեղծել

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ առաջարկած է իր տարածքին մէջ ռազմակայան ստեղծել

 

Սէուտական Արաբիա Թուրքիոյ առաջարկ ներկայացուցած է իր տարածքին մէջ ռազմակայան մը հաստատելու վերաբերեալ։ Այն կրնայ ստեղծուիլ Քաթարի մէջ Թուրքիոյ ունեցած ռազմակայանին օրինակով, կը հաղորդէ «Հիւրրիյէթ» թերթը։

Քաթարի մէջ թրքական ռազմակայանը կը գործէ 2015-էն ի վեր՝ երկկողմ համաձայնագիրի հիման վրայ։ Բաց աղբիւրներու տուեալներով՝ հոն տեղակայուած են շուրջ 3,000 թուրք զինուորական։ Ռազմակայանը կը ծառայէ համատեղ զօրավարժութիւններու եւ Քաթարի զինուած ուժերու անձնակազմի պատրաստութեան համար։

Սէուտական Արաբիոյ մէջ ռազմակայանի մը ստեղծման հարցը կրնայ քննարկուիլ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ՝ Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի միջեւ համատեղ պաշտպանութեան վերաբերեալ Մեքքայի համաձայնագրի վաւերացումէն ետք։

Փաստաթուղթը այս շաբաթ անցած է արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն, իսկ այժմ պէտք է վաւերացուի խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին։ Խորհրդարանը պէտք է նաեւ զինուորականները արտասահման ուղարկելու արտօնութիւն տայ եւ, եթէ թուրք օրէնսդիրները անհրաժեշտ նկատեն, առանձին փաստաթուղթ ընդունի ռազմակայանի ստեղծման վերաբերեալ։

«Հիւրրիյէթ»-ի տուեալներով՝ անվտանգութեան նոր հայեցակարգի շրջածիրէն ներս Թուրքիա կը դիտարկէ տարբեր ցամաքամասերու, մասնաւորաբար՝ Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ իր ռազմական ներկայութիւնը ընդլայնելու կարելիութիւնը՝ երկկողմ համաձայնագիրներու եւ տարբեր դաշինքներու շրջածիրէն ներս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ։ Սա պայմանաւորուած է նաեւ 2027-2028 թուականներուն Միջին Արեւելքի մէջ իր անմիջական ռազմական ներկայութիւնը կրճատելու Միացեալ Նահանգներու ծրագիրներով։

«Թուրքիոյ նպատակը նոր դարաշրջանին իր ռազմական ներուժը գործածելն է ոչ միայն սեփական սահմանները պաշտպանելու, այլեւ տարբեր տարածաշրջաններու մէջ, ուր ունի անվտանգային շահեր, զսպիչ ուժ եւ դիւանագիտական ազդեցութիւն ապահովելու համար», գրած է թերթը։

Թուրքիա ռազմակայաններ ունի 12 երկիրներու մէջ։ Անոնցմէ ամէնէն մեծը կը գտնուի չճանչցուած Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան մէջ, ուր տեղակայուած է աւելի քան 30,000 զինուոր հաշուող զօրակազմ։ Թրքական ռազմակայաններ կան նաեւ Քաթարի, Իրաքի, Սուրիոյ, Սոմալիի, Լիպիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ։