Թուրքիոյ մէջ աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 24 հազար 617-ի։
Նոր տուեալները յայտնած է Թուրքիոյ աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման վարչութիւնը։
Վիրաւորներու թիւը 80 հազար 278 է։
11 փետրուարին Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան ուղեւորուած է երկրաշարժէն տուժած Տիարպեքիր, ուրկէ ետք պիտի ըլլայ Շանլըուրֆա։