Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ծեծկռտուք տեղի ունեցած է. իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան պատգամաւորները ելոյթի ժամանակ յարձակած եւ բռունցքներով հարուածած են քրտամէտ DEM կուսակցութեան պատգամաւոր Ալի Պոզանը:
Ինչպէս նշած է turkiyetoday.com-ը, Պոզանն իր ելոյթին մէջ իշխող կուսակցութիւնը մեղադրած էր հանրային աշխատողներու, պետական ծառայողներու եւ թոշակառուներու միջոցները գողնալու համար:
Այս խօսքերէն ետք պատգամաւորները շարժած են դէպի ամպիոն, որ յանգեցուցած է բուռն վէճի, որ արագ վերաճած է ծեծկռտուքի: Ստեղծուած իրավիճակի պատճառով նիստն ընդհատուած է։