Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը երեքշաբթի հաստատած է ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Շուէտի դիմումը, յայտնած է Associated Press-ը։
Շուէտի՝ դաշինքին միանալու մասին արձանագրութիւնն այժմ պէտք է ընդունուի Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կողմէ։ Ամբողջ խորհրդարանի կողմէ դիմումի քննարկման ամսաթիւը դեռ չէ յայտարարուած։ Եթէ փաստաթուղթը հաստատուի երկրի խորհրդարանի կողմէ, այն դեռ պէտք է ստորագրէ Թուրքիոյ նախագահը։
Յանձնաժողովը նոյեմբեր 16-ին սկսած է քննարկել Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին Շուէտի անդամակցութեան հարցը, սակայն յետոյ յետաձգած է քննարկումները։ Ատոնք վերսկսած են դեկտեմբեր 26-ին։ Քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ F-16 կործանիչներ վաճառելու եւ Գանատայի կողմէ Անգարայի նկատմամբ զէնքի արգելքը վերացնելու որոշումները կրնան նպաստել դաշինքին Շուէտի անդամակցութեան հաստատման։
Հոկտեմբերի վերջը Էրտողան Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուցած է ՆԱԹՕ-ին Շուէտի անդամակցութեան վաւերացման փաստաթուղթերու փաթեթ։ Սակայն Հունգարիան դեռ չէ աւարտած վաւերացման ընթացակարգը։ ՆԱԹՕ-ի միւս բոլոր երկիրներն աւարտած են գործընթացը։
Շուէտը ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու յայտ ներկայացուցած է 2022 թուականին։ Թուրքիան, որպէս դաշինքի անդամ, դրած է պայմաններ, որոնք պէտք է կատարէր Սթոքհոլմը, որ Անգարան վաւերացնէ մուտքը։ Թուրքիան պահանջած է քրտական կազմակերպութիւնները ահաբեկչական ճանչնալ, ահաբեկչութեան համար մեղադրուող անձանց արտայանձնել, Անգարային զէնք մատակարարելու արգելքները վերացնել։