Թուրքիա- Թուրքիոյ իշխանութիւնները ծանօթացած են երկուշաբթի օր Սուրուճ շրջանին մէջ անձնասպանական գործողութիւն կատարած ահաբեկիչին ինքնութեան: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ նաեւ կը նշեն, որ անձնասպանը եղած է Թուրքիոյ Ատեաման շրջանէն: Նշենք, որ պայթումը խլած էր աւելի քան 30 աքթիւիսթներու կեանք: Պայթումէն ժամեր անց ISIS խմբաւորումը ստանձնած էր պայթումին պատասխանատուութիւնը: Թուրքիոյ մէջ կը տիրէ լարուած իրավիճակ: Տիրող լարուածութիւնը մեղմելու նպատակով իշխանութիւնները փակած են Twitter ընկերային ցանցը: