image

Թուրքիոյ ԵՄ անդամակցութեան բանակցութիւնները դեռ փակուղիի մէջ են. «Die Welt»

Թուրքիոյ ԵՄ անդամակցութեան բանակցութիւնները դեռ փակուղիի մէջ են. «Die Welt»

Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն անդամակցութեան վերաբերեալ բանակցութիւնները, ինչպէս նախապէս, փակուղիի մէջ են։ Այս մասին ըսուած է Die Welt գերմանական պարբերականի մօտ յայտնուած՝ Եւրոմիութեան յանձնաժողովի ընթացիկ տարուան հաշուետւութեան մէջ։

Զեկոյցին մէջ նշուած է նաեւ, որ Թուրքիան կը շարունակէ հեռանալ ԵՄ–էն։ Երկրին մէջ լուրջ յետընթաց կը նկատուի ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան, քաղաքացիներու հիմնական իրաւունքներու եւ անկախ դատական համակարգի ոլորտներուն մէջ։ Այս հարցերու շուրջ տարուող երկխօսութիւնը կը շարունակէ ԵՄ–ի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու անբաժան մասը կազմել։

Միեւնոյն ժամանակ Եւրոմիութեան յանձնաժողովը ընդգծած է Թուրքիոյ ռազմավարական կարեւոր դերը։ Մասնաւորապէս, Պրիւքսէլը շահագրգռուած է Արեւելեան Միջերկրական ծովուն մէջ կայուն եւ անվտանգ իրավիճակի եւ համագործակցութեան ու փոխադարձ շահերու հիման վրայ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կայուն զարգացման հարցով։ Այդուհանդերձ, ԵՄ–ն եւս պատրաստ է պաշտպանելու սեփական ու անդամ- երկիրներու շահերը։