«Կազպրոմ» Թուրքիոյ «Երկնագոյն հոսք» կազամուղով մատակարարած է կազի մրցանշային ծաւալ՝ 15,98 միլիառ խորանարդ մեթր։ Սա առաւելագոյն ցուցանիշն է խողովակաշարի գործարկման սկիզբէն ի վեր, ըսուած է «Կազպրոմ էքսփորթ»-ի հաղորդագրութեամբ։
«2021-ի արդիւնքներով՝ սահմանուած է Ռուսաստանէն Թուրքիա «Երկնագոյն հոսք» կազամուղով կազի մատակարարման պատմական մրցանիշ։ Անցեալ տարի «Երկնագոյն հոսքով» մատակարարուած է 15,98 միլիառ խմ. կազ։ Սա առաւելագոյն տարեկան ցուցանիշն է 2003-ի մայրուղիի գործարկումէն սկսեալ»,- ըսուած է հաղորդագրութեամբ, կը տեղեկացնէ ԹԱՍՍ։
Մատակարարումներու աճը համընկած է Թուրքիոյ մէջ կազի սպառման պատմական մրցանիշի հետ, նշած է «Կազպրոմ էքսփորթ»-ը։ Նախնական գնահատականներով՝ 2021-ին ան կազմած է մօտ 61 միլիառ խմ.։